2015-12-03 13:31:00

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Ժողովուրդներու Աւետարանումի Ժողովի լիագումար նիստի մասնակիցները։


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի, 3 դեկտեմբերի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Պապ իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Սամոայի վարչապետը, անոր կողակիցն ու իրենց ընկերացող պատուիրակութիւնը։ Ապա յաջորդաբար ընդունեց  Հաւատոյ Ժողովի կառավարիչ Կարդինալ՝ Կէրատ Լուտվիկ Մուլլէրը,  Քանատայի եպիսկոպոսաց  համահաւաք դասի նախագահն ու փոխ նախագահը, հուսկ՝ Քլէմէնթինա սրահին մէջ  ընդունեց ժողովուրդներու Աւետարանումի ժողովի  լիագումար նիստի մասնակիցները  եւ այս առթիւ անոնց ուղղած ողջոյնի խօսքին մէջ Ան յայտնեց, թէ Ափրիկէի իր անդրանիկ այցելութեան առիթով շօշափելի կերպով ապրած էր ցամաքամասի երիտասարդ Եկեղեցիներու հոգեւոր եւ հովուական ուժականութիւնը, ինչպէս նաեւ ժողովուրդի ստուար մասի մը ապրած դժուարութիւնները։ Ան նկատած էր՝ թէ հոն, ուր կարիքներ կան՝ Եկեղեցին միշտ ներկայ է խնամելու կարիքաւորներու վէրքերը, անոնց մէջ նկատելով Յիսուսի ձաղկեալ եւ խաչեալ մարմինը։

Բնութեամբ Աւետարանող՝ Եկեղեցին իր աւետարանումը կը սկսի ինքն իրմով։ Ան աշակերտ է Յիսուսի, միտ կը դնէ Անոր Խօսքին, այնտեղէն քաղելով յոյսի իմաստը, որ երբեք հիասթափում չ’ապրիր, որովհետեւ հիմնուած է Սուրբ Հոգիի շնորհքին վրայ։ (հմմտ. Հռոմ Ե. 5) Այսպէս միայն՝ Եկեղեցին կարող է առաքելական խանդի թարմութիւնը պահպանել։ Վատիկանեան Բ. Ժողովի վաւերագիրը՝ Ad Gentes եւ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ. Պապի Redemptoris missio շրջաբերականը, որ սոյն համագումարին ներշնչումն է, կը հաստատեն՝ թէ “Եկեղեցին Որդւոյն եւ Սուրբ Հոգիի առաքելութեամբ եւ համաձայն Հօր կամքին սկիզբ կ’առնէ։” Առաքելութիւնը մարդկային նախաձեռնութիւն չէ. գլխաւոր դերակատարը Սուրբ Հոգին է. Ան է ծրագրողը. մինչ Եկեղեցին առաքելութեան ծառան է։ Ոչ թէ Եկեղեցին առաքելութիւն մէջտեղ կը բերէ, այլ առաքելութիւնն է՝ որ եկեղցին կը կազմաւորէ։ Հետեւաբար առաքելութիւնը գործիք մը չէ, այլ՝ մեկնակէտ եւ նպատակ։ Առաքելութիւնը՝ նախ Եկեղեցին կը փոխակերպէ, եւ ապա ժողովուրդներու եւ մշակոյթներու կեանքը։

Պօղոս Առաքեալ եւ Բառնաբաս, առաքելական կառոյցներ չունէին իրենց ուսերուն վրայ։ Անոնք իրենց կեանքը նուիրեցին զանազան հասարակութիւններու եւ թափեցին իրենց արիւնը Սուրբ Աւետարանի համար։

Սրբազան Պապը ապա յիշատակեց քանի մը պատմական տուեալներ Եկեղեցւոյ քարոզչական առաքելութենէն։ Այս գործունէութեան մէջ, Եկեղեցին ունեցած է նաեւ համապատասխան կառոյցներ, որոնք դարերու ընթացքին կրած են փոփոխութիւններ։ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետ շնորհակալութիւն յայտնեց մասնակիցներու տարած ջանքերուն եւ համագործակցութեան համար։ Յորդորեց զանոնք, շարունակել իրենց արժէքաւոր աշխատանքը՝ Սուրբ Աւետարանի ծառայութեան մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.