2015-12-03 13:23:00

Վերջ գտաւ Իրլանատացի Եպիսկոպոսներուն տարեկան ընդհանուր ժողովը։


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի, 2 դեկտեմբերին, վերջ գտաւ Իրլանտայի Մայնութ քաղաքին  մէջ գումարուած  Իրլանտացի Եպիսկոպոսաց դասին գումարած տարեկան ընդհանուր ժողովը։

Ժողովի աւարտին հրապարակուած հաղորդագրութեամբ,  ժողովական հայրերը կը տեղեկացնեն , թէ ժողովի ընթացքին  քննարկուած է Իրլանտայի մէջ վիժումի հարցը, համարելով զայն մարդու իրաւունքներու հանդէպ բռնութիւն,  շեշտելով թէ` կեանքը սուրբ է եւ արժանի է պաշտպանութեան, սաղմէն մինչեւ մահ։

Իրլանտացի եպիսկոպոսները քննարկած  են  նաեւ ընտանիքի նիւթը,  նկատի առնելով Վատիկանի մէջ  անցեալ նոյեմբերին  կայացած ընտանիքի  մասին  Եպիսկոպոսաց Սիւնհոդոսը, վերահաստատելով՝  ընտանիքի կարեւորութիւնը յատկապէս որպէս  Աւետարանումի դերակատար ու մաղթանք յայտնելով՝ որ առ աւելիով պաշտպանուի ընտանեկան կառոյցը։

Իրլանտացի եպիսկոպոսները անդրադարձած են նաեւ Փարիզի մէջ ընթացք առած Կլիմայի փոփոխութեան հարցերու համաժողովին, նկատելով համաժողովին նիւթը որպէս  ընկերային արդարութեան կարեւորագոյն նիւթերին մին,  որուն պէտք է պատասխանել Միջազգային յանձնառութեամբ՝ ստեղծագործութեան փրկութեան ի խնդիր։








All the contents on this site are copyrighted ©.