2015-12-03 10:38:00

Ռուսիա ՄԱԿ-ին պիտի ներկայացնէ փաստեր, որոնք ցոյց կու տան՝ ԻՊ-ի քարիւղը Թուրքիա կ՛երթայ


Ռուսիա ՄԱԿ-ին եւ շահագրգիռ բոլոր երկիրներուն պիտի ներկայացնէ փաստեր, որոնք կը հաստատեն, որ ահաբեկիչներուն կողմէ քարիւղը կ՛անցնի Թուրքիա: Ռիա Նովոսթիի փոխանցմամբ, այս մասին յայտարարած է ՌԴ ԱԳ նախարար Սերկէյ Լաւրով:

«Մենք բազմաթիւ անգամներ ըսած ենք այն մասին, որ Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ ԻԼԻՊ-ի գրաւած հանքերէն քարիւղը արտերկիր կը հոսի, մասնաւորապէս` Թուրքիա, եւ ատիկա հաստատող փաստերը պիտի ներկայացուին ՄԱԿ-ին եւ շահագրգիռ բոլոր երկիրներուն»,- ըսած է Լաւրով:

Միւս կողմէ երէկ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը հրապարակեց արբանեակներու ճամբով ապահովուած լուսանկարներ, որոնք ցոյց կու տան ՏԱՀԵՇ-ի պատկանող սիթեռններ, որոնք մուտք կը գործեն Թուրքիա` աւելցնելով, որ ՏԱՀԵՇ օրական 200 հազար տակառ քարիւղ մաքսանենգելու համար կ՛օգտագործէ 8500 սիթեռններ եւ այդ առեւտուրէն օրական 3 միլիոն տոլարի շահ կ՛ապահովէ:

Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտնեց, որ քարիւղին մէկ մասը կը ծախուի թրքական շուկային մէջ, իսկ միւս բաժինը կը փոխադրուի Չորք Մարզպանի եւ Ալեքսանտրէթի նաւահանգիստներ:

Նախարարութիւնը նաեւ նշեց, որ անցեալ շաբաթ Թուրքիայէն Սուրիա մուտք գործած են 2000 ահաբեկիչներ, ինչպէս նաեւ 120 թոն զինամթերք, եւ Անգարան ամբաստանեց ՏԱՀԵՇ-էն ստացած քարիւղին դիմաց զէնք-զինամթերք տրամադրելու յանցանքով:

Էրտողան երէկ դարձեալ յայտարարեց, որ պիտի հրաժարի, եթէ փաստուի, թէ Թուրքիա ՏԱՀԵՇ-ի հետ քարիւղի առեւտուր կը կատարէ` աւելցնելով. «Ոչ ոք իրաւունք ունի վարկաբեկելու Թուրքիան` զայն ամբաստանելով ՏԱՀԵՇ-էն քարիւղ գնելու յանցանքով»:








All the contents on this site are copyrighted ©.