2015-12-03 11:19:00

Գրիգոր Նարեկացի Մարդուն անկումը եւ փրկութիւնը


Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի, “Մատեան Ողբերգութեան” աղօթագրքի 46րդ գլխուն մէջ կը ներկայացնէ մարդ արարածը՝ ստեղծուած Աստուծոյ պատկերին համաձայն. կը ներկայացնէ մարդու ստացած շնորհքները եւ բարեմասնութիւնները։ Սակայն մարդը՝ հակառակ իր ստացած բոլոր շնորհքներուն մեղանչած էր՝ հեռանալով իր բարձրութենէն եւ մօտենալով երկրաւորին, աւելի նուաստին։
Գրիգոր Նարեկացի սոյն գլխուն չորրորդ մասին մէջ իր անձին, մարդ արարածին հարց կու տայ՝
“Արդ, ինչու՞ կորսնցուցիր երկնաւոր փառքը,
Ինչպէս ժամանակին նորաստեղծը կորսնցուց
Իր վիճակը՝ եդեմի դարաստանին մէջ.
Ինչու՞ քու ձեռքովդ փակեցիր երկինքը՝ քու դէմդ,
Եւ վերելքի դուռը կղպեցիր.
Ինչու՞ մաքուր ջուրին հետ
Ախտաւոր տաժանագին արցունքդ խառնեցիր.
Ինչու՞ վերարկուին լուացուած ձորձը գարշելի գործովդ զազրացուցիր.
Ինչու՞ մեղքերու պատմուճանը, զոր հաներ էիր,
Կրկին վրադ առիր՝ անառակ վարքով.
Ինչու՞ քեզ կրող ոտքերուդ մաքրութիւնը ժանտերու ճամբովը աղտեղեցիր.
Ինչու՞ կրկնեցիր իրաւադատ Աստուծոյ առջեւ
Հին պատուիրանին ուխտազանցութիւնը։
Ինչու՞ զրկուեցար շնորհքի պտուղէն, ինչպէս Ադամը՝ կեանքի ծառէն։
Ինչու՞ ինքնակամօրէն յաւերժութեան անստուեր յոյսին դէմ նենգեցիր։
Ենչու՞ դէմքդ անհամարձակ ամօթով ծածկեցիր։
Ինչու՞ զինուեցար դուն ինքդ քեզ դէմ, ո´վ ընդունարան խելագարութեան։
Ինչու՞ որս եղար մահուան ծուղակին՝ թողած վստահելի արահետը։
Ինչու՞ պատրանքի կարթով բռնուեցար՝ դուն, որ հաղորդ ես կենդանարարին մամնոյն։
Սակայն, դու դարձեալ յուսալով անոր՝ պաղատէ´ իրեն.
Որովհետեւ ան է ապաւէն եւ լոյս, քաւիչ, նորոգիչ,
Փրկիչ, կեցուցիչ, կենդանարար, ողորմած, խնամող,
Մարդասէր եւ անոխակալ, բարեգութ, օրհնեալ՝ յաւիտեանս. Ամէն։”
Գրիգոր Նարեկացի այս հատուածին մէջ կը թուէ մարդու ստացած շնորհքները՝ “երկնարւոր փառք, ազատ մուտք դրախտէն ներս, մաքուր ջուր, մաքուր վերարկու, մաքուր ոտքեր, շնորհքի պտուղ, յաւերժութեան անստուեր յոյս, հաղորդութիւն կենդանարարի մարմնոյն։” Աստուած մարդուն շնորհած էր դրախտը, մաքուր ջուրը, այսինքն՝ սրտի եւ հոգիի մաքրութիւնը. մաքուր վերարկուն, որուն արժանացած է մարդը իբր Աստուծոյ զաւակ՝ մկրտութեան սուրբ խորհուրդով. մաքուր ոտքեր, որպէսզի վարէ սրբակեաց կեանք. շնորհքի պտուղ, որ կը բովանդակէ բարիքներու առատութիւնը, որ իր կարգին պտղաբեր կը դառնայ. յաւերժութեան անստուեր յոյս՝ փրկուած կորուստէն՝ Աստուծոյ հետ յաւիտենական երջանկութիւնը կը վայելելու, ուր չկայ որեւէ ստուեր, որեւէ բացասական զգացում եւ վիշտ։
Այս բոլոր բարիքներուն իբր հակասութիւն՝ Ս. Գրիգոր կը ներկայացնէ մարդու մեղսական արարքները, որ “կորսնցուց դրախտը. իր իսկ ձեռքովդ փակեց երկինքը. կղպեց վերելքի դուռը. մաքուր ջուրին հետ ախտաւոր արցունք խառնեց. լուացուած վերարկուն գարշելի գործով զազրացուց. մեղքերու պատմուճանը, կրկին վրան առաւ՝ անառակ վարքով. զինք կրող ոտքերու մաքրութիւնը ժանտերու ճամբովը աղտեղեց. կրկնեց Հին պատուիրանին ուխտազանցութիւնը. զրկուեցաւ շնորհքի պտուղէն. ինքնակամօրէն յաւերժութեան անստուեր յոյսին դէմ նենգեց. դէմքը անհամարձակ ամօթով ծածկեց. զինուեցաւ ինքն իր դէմ, իբր ընդունարան խելագարութեան. որս եղաւ մահուան ծուղակին՝ թողած ապահով արահետը. պատրանքի կարթով բռնուեցաւ։”
Նարեկացիի խօսքերը յստակ են։ Մարդը ինքն իր ձեռքով իր անձին կը վնասէ, ինքն իր ձեռքով իր դիմաց կը փակէ երկնքի դուռը։ Աստուած՝ մարդը երջանկութեան կոչեց՝ մինչ մարդը կը նախընտրէ արցունք խառնել իր երջանկութեան մէջ։ Մարդը մկրտութեան խորհուրդով մաքրուեցաւ եւ ապաշխարհանքի խորհուրդով կրկին ու կրկին կը մաքրուի՝ սակայն կը կրկնէ նաեւ սխալները՝ իր վրան առնելով մեղքի վերարկուն։ Հեռանալով պատուիրաններէն, Ս. Աւետարանի խօսքէն եւ ուսուցումէն՝ դիւրին որս կ’ըլլայ չարին եւ մեղքին։
Աստուծոյ զօրութիւնը եւ շնորհքը՝ մարդը նորէն կ’ազատեն մեղքէն եւ կը փրկեն անկումէ։ Սակայն մարդուն կը մնայ ընթանալ ուղիղ ճանապարհէն, միշտ յոյսը Քրիստոսի վրայ դնելով եւ յարատեւ աղօթքով՝
“Այլ վերստին յուսացեալ ի նա՝ կարդա նմա,
Ապաւինելոյս քաւիչ, նորոգիչ,
Փրկիչ, կեցուցիչ եւ կենդանարար,
Ողորմած, խնամող, մարդասէր, անոխակալ,
Բազմագութ, օրհնեալ յաւիտեանս։
Ամէն։”








All the contents on this site are copyrighted ©.