2015-12-03 13:59:00

Ամենապատիւ Գրիգոր Պետրոս Ի. Հոգեւոր Տէրը այցելեց Վարչապետ Թամամ Սալամին


Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր  Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքը հինգշաբթի 3 դեկտեմբեր կէսօրին քաղաքավարական այցելութիւն մը տուաւ վարչապետ Թամամ Սալամին, վարչապետարան (Պէյրութ)։  Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ ուղեկցող պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոս գերապայծառ հայր Գէորգ եպս. Ասատուրեան,  Իրանի կաթողիկէ հայոց եպիսկոպոս՝ գերապայծառ հայր Սարգիս եպս. Դաւիթեան, Զմմառու  Միաբանութեան  պատրիարքական փոխանորդ եւ Վանքի մեծաւոր գերապայծառ Գաբրիէլ թ.ծ.վ. Մուրատեան, Սրբոյ Կուսին Աւետման եկեղեցւոյ ժողովրդապետ հայր Վարդան վրդ. Գազանճեան,  երեսփոխան Սերժ Թուրսարգիսեան, նախկին նախարար Ժագ Չուխատարեան եւ նախկին երեսփոխան Անթուան Շատեր։

Ջերմ մթնոլորտի մը ներքեւ տեղի ունեցած հանդիպումի ընթացքին, վարչապետը անգամ մը եւս  ողջունեց եւ շնորհաւորեց Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը իր ընտրութեան եւ գահակալութեան առթիւ։ Ինչպէս նաեւ շնորհաւորեց նոր եպիսկոպոսները: Հոգեւոր Տէրը իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց վարչապետ Սալամին իր շնորհաւորութիւններուն համար եւ մաղթեց, որ ինք շարունակէ իր խաղաղարար աշխատանքը այնպէս ինչպէս կը յուշէ իր անունը։ Այնուհետեւ  տեղի ունեցած սրտբաց խօսակցութեան ընթացքին շեշտուեցաւ նախագահական ընտրութիւնը օր առաջ կայացնելու կարեւորութիւնը եւ զրոյցը շօշափեց երկիրը եւ ընդհանրապէս լիբանանցիները յուզող ապահովական, քաղաքական, ընկերային,  տնտեսական խնդիրները,  եւ անոնց լուծումը երկխօսութեամբ ու միասնականութեամբ հետապնդելու հրամայականը։ 

 








All the contents on this site are copyrighted ©.