2015-12-02 10:45:00

Պէյրութի մէջ Ողորմութեան Սուրբ Տարուայ բացում


(Ռատիօ Վատիկան) Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի կողմէ հռչակուած Ողորմութեան Սուրբ Տարուայ ծիրէն ներս, ընդառաջելով  Նորին Սրբութեան հրաւէրին , որ իւրաքանչիւր երկրի տեղական կաթողիկէ եկեղեցիներուն մէջ եւս ընթացք տրուի Ողորմութեան Սուրբ Տարուան,  բացումը կատարելով Սուրբ դուռերուն, ինչպէս  Ինք եւս ըրաւ անցեալ 29 նոյեմբեր 2015-ին  Կեդրոնական Ափրիկէի մայրաքաղաք Պանկիի աթոռանիստ եկեղեցւոյ Սուրբ Դրան բացումի արարողութեամբ, յառաջիկայ կիրակի 13 դեկտեմբերի առաւօտեան ժամը 11-ին, Պէյրութի Հայ Կաթողիկէ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ-Սուրբ Եղիա Աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ, հանդիսապետութեամբ Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Գրիգոր Պետրոս Ի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքին, եւ մասնակցութեամբ Հայ Կաթողիկէ կղերին եւ հաւատացեաներուն, տեղի պիտի ունենայ Ողորմութեան Տարիին հանդիսաւոր բացումը յատուկ արարողութեամբ, որուն պիտի յաջորդէ հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագը։








All the contents on this site are copyrighted ©.