2015-12-02 11:04:00

Կարդինալ Թակլէ. ''եղբայրօգնութեան դռները բանալ կարօտեալներուն ի խնդիր''։


 (Ռատիօ Վատիկան) ''Ասիկա պատշաճ ժամանակն է կեանքի բարեփոխումի'', ''ընդունիլ հրաւէրը ապաշխարութեան'', մինչ ''Եկեղեցին ամէնուն ողորմութիւն կը շնորհէ'' կը գրէ ֆրանչիսկոս Քահանայապետը Ողորմութեան յոբելենական տարին հռչակելով։ Կարդինալ Թակլէ` նախագահը միջազգային Քարիթասի, Ռատիովատիկանի հետ ունեցած ելոյթով ըսաւ. ''Աստուծոյ ողորմութիւնը պարգեւ մըն է, որ մեզմէ պատասխան կը սպասէ, այդ պատասխանը կ՛ենթադրէ զղջում ու դարձ''։ 

Պատասխանելով ողորմութեան ու ճշմարտութեան նշանակութեան մասին հարցումին, կարդինալ Թակլէ ըսաւ. ''Ս. Գիրքին մէջ կը կարդանք որ Աստուծոյ սրտին մէջ կը բնակի Ողորմութիւնը, ճշմարտութիւնը ու արդարութիւնը։ Այս իրականութիւնները իրարու ներհակ չեն։ Տէրը ողորմած է որովհետեւ արդար է եւ ճշմարիտ։ Տիրոջ արդարութիւնը աշխարհի զոհերուն Ողորմութիւնն է''։

Հուսկ խօսելով եղբայրօգնութեան մասին կարդինալ Թակլէ ըսաւ. ''Ողորմութեան դուռը պիտի չըլլայ աւագ պազիլիքաներու դռներու լոկ բացում այլեւ հարկաւոր է բանալ ամէն մէկ համայնքի եղբայրօգնութեան դուռը։ Որպէս նախագահը միջազգային Քարիթասի խնդրեցի մեր բոլոր կեդրոններէն որ իրենց  եղբայրօգնութեան դռները բանան, ուր հաւատացեալներուն կարելիութիւն  տրուի այդ դռնէն մտնելու եւ ուխտագնացութիւն կատարելու դէպի աղքատները։ Վստահաբար Տէրը շատ պիտի ուրախանայ ընդունելու այդ ուխտաւորները, ոչ միայն պազիլիքաներու մէջ, այլ եւ ճամբաներու, բանտերու, հիւանդանոցներու ու արուարձաններու մէջ ... ասոնք եւս ողորմութեան ու ներողութեան վայրեր են հաստատեց Կարդինալ Թակլէ








All the contents on this site are copyrighted ©.