2015-12-01 12:14:00

Ֆրանչիսկոս Պապ լրագրողներուն յայտնեց թէ ''Հայաստան այցելելու խոստումը ի զօրու է '' ։


(Ռատիօ Վատիկան) Կեդրոնական Ափրիկէէն դէպի Հռոմ առաջնորդող թռիչքի ընթացքին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, սովորութեան համաձայն, հանդիպում ունեցաւ իր հետ ճամբորդող լրագրողներուն հետ, ու պատասխանեց այս առթիւ իրեն ուղղուած հարցումներուն որոնց շարքին նաեւ Հայաստան այցելութեան մասին հարցում մը որուն Ֆրանչիսկոս Պապ պատասխանեց ''անցեալ տարի երեք պատրիարքներուն խոստացայ թէ պիտի այցելեմ այդ երկիրը։ Խոստումը կը մնայ սակայն տակաւին չեմ կրնար ըսել եթէ այս մէկը կարելի պիտի ըլլայ։ Խոստումը կայ ու կը մնայ'':

Աղքատներու հայող Քենիացի լրագրողի մէկ հարցումին պատասխանելով Սրբազան Քահանայապետը ակնարկեց աղքատութեան յաղթահարումի մասին յղած իր կոչերուն ընդգծելով թէ աշխարհի հարստութեան 80 առ հարիւրը կը գտնուին բնակչութեան 17 առ հարիւրի ձեռքերուն մէջ։  ''Տնտեսական դրութիւն մը որուն կեդրոնը դրամն է, դրամ աստուածը'' ըսաւ Քահանայապետը դիտել տալով թէ ''եթէ աշխարհը ընթացքը չի փոխէ, թշուառութիւնը, ողբերգութիւնները, պատերազմները եւ մանուկներու սովահարութիւնն ու անարդարութիւնները պիտի շարունակուին''։  

Ան ապա պատասխանեց այլ հարցումի մը հաստատելով թէ ինք չի գիտեր եթէ օր մը դարձեալ առիթ պիտի ունենայ Ափրիկեան ցամաքամասը այցելելու եւ ակնարկեց յառաջիկայ իր առաքելական ճամբորդութեան` Մեքսիքօ։ Ան ապա նշեց թէ Ափրիկէն իրեն համար անակնկալ մըն եղաւ եւ թէ հիացած է Ափրիկեցիներու ուրախութեան եւ տօնախմբութեան կարողութեան ի տես, հակառակ անօթութեան։ Այդ ամբոխը որ հիւրընկալութեան զգացումը ունի եւ որ ուրախութիւն կը յայտնէ այցելուն ընդունելուն համար։

Քահանայապետը  ապա ակնարկեց այցելած երկիրներուն ամէն մէկուն ինքնութեան։ Քենիան` արդի է եւ զարգացած. Ուկնատան ունի մարտիրոսներու ինքնութիւնը` կաթողիկէներն ու անկլիքանները կը մեծարեն մարտիրոսները որոնք կը կազմեն երկրի ինքնութիւնը։ Մինչ կեդրոնական ափրիկէն կը ձգտի խաղաղութեան, հաշտութեան եւ ներումի։ ''Կաթողիկէները, բողոքականներն ու մահմետականները մինչեւ չորս տարի առաջ ապրեցան որպէս եղբայրներ'' ըսաւ Սրբազան Հայրը ակնարկելով իր վերոնշեալ հասարակութիւններուն տուած այցելութիւններուն ու վերահաստատելով թէ բոլորին իղձը կը մնայ խաղաղութիւնը ու խաղաղութեան փնտռտուքը։

Սրբազան Քահանայապետը ապա պատասխանեց ''Վաթիլիքս''ի հարցի մասին իրենց ուղղած մէկ հարցումին շեշտելով թէ ''լրատուական միջոցները պէտք են գործել ազատութեամբ բայց արուեստագիտական մօտեցումով` բացայայտելու համար կաշառակերութիւնը։ Լրագրողները պէտք է ըլլան իրենց մարզին մէջ մասնագէտներ, լուրերը պէտք չեն շահագործել։ ''Այս մէկը կարեւոր է, որովհետեւ անարդարութիւններու, կաշառակերութեան դէմ բողոքը ուղիղ գործ է սակայն արհեստական լրատուական միջոցները պէտք չէ իյնան տեղեկատուական աշխարհի երեք փորձութիւններուն մէջ` ապատեղեկատուութիւնը, զրպարտանքը, եւ սուտ ամբաստանութիւնը'' ըսաւ Սրբազան Հայրը եւ ընդունեց որ սխալ անուանումներ կատարուեցան Վատիկանի տնտեսութեան գործակալութեան Ժողովի ներքոյ ապա հաստատեց թէ իր նախորդը Ռացինկեր Քահանայապետը երբ տակաւին կարդինալ էր, առաջինը եղած էր որ դատապարտած է ''եկեղեցւոյ մէջ կեղտոտութիւնը'' եւ անոր ընտրութենէն ետք Ան շարունակած է այս մաքրագործումի ընթացքը։

Ֆրանչսիկոս Պապ ապա անդրադարձաւ կրօնական արմատականութեան մասին յայտնելով թէ այդ մէկը հիւանդութիւն մըն է որ ներկայ է բոլոր կրօններուն մէջ։ Շատեր կը մտածեն թէ  ճշմարտութիւնը իրենց սեփականութիւնն է ու յառաջ կ՛ընթանան ուրիշները զրպարտելով ու զանոնք ամբաստանելով ու միայն չարիք կը հասցնեն։ Այս իրականութեան դէմ հարկաւոր է պայքար մղել։ Կրօնական արմատականութիւնը կրօնական չէ որովհետեւ այնտեղ կը պակսի Աստուած։ Ան կռապաշտութիւն է` դրամի կռապաշտութիւն - ըսաւ Նորին Սրբութիւնը ակնարկելով ապա աշխարհի մէջ տիրող պատերազմներուն ու հաստատեց թէ պատերազմը շահաբեր գործ մըն է շատերուն համար։ Պատերազմին ետին կայ իշխանութեան ձգտում։ Այս մէկը սակայն մարդկութեան դէմ գործուած մեղք մըն է ու պէտք է որ կասեցուի։ Միացեալ Ազգերուն երկու անգամ կրկնեցի այս նախադասութիւնը ''Թող Խաղութիւնը հաստատուի''։ Աստուած խաղաղութեան Աստուած է։

Նորին Սրբութիւնը անդրադառնալով ապա Փարիզի  մէջ կայացած 21 երկիրներու կլիմայի հարցերու վեհաժողովին, ընդգծեց թէ ''մենք հասած ենք անձնասպանութեան եզրին'' եւ թէ ''վեհաժողովի մասնակցող երկիները եւս գիտակից են այս իրողութեան'',  վստահութիւն յայտնելով անոնց կամքի նկատմամբ ու մաղթելով որ ''բան մը ընեն'' եւ այս դիտմամբ ապահովելով իր աղօթքները։

Սրբազան Քահանայապետը ապա ընդգծեց միջ-կրօնական երկխօսութեան կարեւորութիւնը ըսելով  թէ Մահմետական աշխարհին հետ երկխօսութիւնը կարելի է։ Անոնք եւս ունին շատ մը արժէքներ որոնց շարքին է աղօթքը, ծոմապահութիւնը....եւ կարելի չէ կրօնք մը բնաջնջել գոյացած ծայրայեղական խումբի մը պատճառաւ։ Ամենուրէք կան արժէքներով մարդիկ։ Մենք եւս քրիստոնեաներս` պատմութեան ընթացքին պատերազմներ մղեցինք յանուն կրօնի եւ ասոր համար ներողութիւն խնդրելու ենք։

Ապա ակնարկելով Ափրիկեան ցամաքամասին Սրբազան Քահանայապետը ըսաւ. ''Ափրիկէն յօշոտուած է պատերազմներով։ Ցամաքամասը միշտ եղած է մեծ զօրութիւններու չարաշահումին թիրախ, որոնք օգտագործած են Ափրիկէի հարստութիւնները սակայն չեն մտածած այդ երկրի զարգացումին ու բարօրութեան։ Ափրիկէն մարտիրոս ցամաքամաս։ Ես Ափրիկէն կը սիրեմ որովհետեւ Ափրիկէն թիրախ եւ զոհ է այլ պետութիւններու'' յայտնեց Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը շնորհակալական խօսք մը ուղղելով լրագրողներուն իրենց աշխատանքին համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.