2015-12-01 10:17:00

Փութին ստորագրեց Թուրքիոյ դէմ տնտեսական միջոցառումներու հրամանագիր մը։


ՄՈՍԿՈՒԱ, «Ռոյթըրզ».- Քրեմլին յայտարարեց, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին ստորագրած է Թուրքիոյ դէմ տնտեսական միջոցառումներու որդեգրման վերաբերեալ նախագահական հրամանագիր մը: Նշեալ միջոցառումներու շարքին են՝ 2016էն սկսեալ Թուրքիոյ հետ մուտքի այցագիրի (վիզա) դրութեան վերահաստատում, դէպի Թուրքիա առեւտրական թռիչքներու դադրեցում եւ ռուսական հողամասերուն վրայ թրքական օդանաւային ընկերութեանց հսկողութեան խստացում:
Փութին նաեւ զբօսաշրջութեան ռուսական ընկերութիւններուն թելադրեց Ռուսիոյ քաղաքացիներուն համար դէպի Թուրքիա զբօսաշրջային շրջապտոյտներ չկազմակերպել:
Թրքական «Ռատիքալ» թերթը հաղորդեց, որ Թուրքիա իր կարգին կը պատրաստուի Ռուսիոյ դէմ «վրիժառու ծրագիրի» մը պատրաստութեան, մինչ թուրք բարձրաստիճան պաշտօնատար մը յայտնեց, թէ Թուրքիոյ դէմ Ռուսիոյ որդեգրած պատժամիջոցները պիտի բարդացնեն Մոսկուա-Անգարա լարուածութիւնը:
Ռուսիոյ խորհրդարանի Միջազգային յարաբերութեանց յանձնախումբի նախագահ Ալեքսէյ Փուշքով, անդրադառնալով Փութինի ստորագրած հրամանագիրին՝ ըսաւ. «Այդ հրամանագիրը անգամ մը եւս ցոյց կու տայ, թէ Էրտողան նախ եւ առաջ վնասեց իր երկիրի տնտեսութեան: Թուրքիան յատուկ կարգավիճակ ունէր Ռուսիոյ մէջ»։ Ան նշեց, որ Ռուսիոյ կողմէ ձեռնարկուած միջոցառումները Թուրքիան պիտի հարուածեն չորս ուղղութիւններէ, որոնցմէ առաջինը զբօսաշրջութիւնն է, որովհետեւ ռուս զբօսաշրջիկները Թուրքիան կը հարստացնէին տարեկան մօտաւորապէս 4 միլիառ տոլարով, ինչ որ Թուրքիոյ զբօսաշրջութեան մարզին ապահոված շահին 12-18 առ հարիւրը կը կազմէ:
Փուշքով նաեւ աւելցուց, որ թրքական ընկերութիւնները, որոնք համաձայնագիրներ ստորագրած էին Ռուսիոյ մէջ, մեծ եկամուտներ կ՛ունենային: Պատժամիջոցները պիտի ազդեն նաեւ գործունէութեան վրայ այն ընկերութիւններուն, որոնք հիմնուած են դէպի Ռուսիա արտածումներու նպատակով: «Ատիկա թրքական տնտեսութեան մէկ զգալի մասը կը կազմէր, որովհետեւ Թուրքիան Ռուսիոյ համար, առեւտրական-տնտեսական յարաբերութիւններու առումով՝ հինգերորդ գործընկերն էր: Նախորդ տարի, երկու երկիրներու ապրանքաշրջանառութիւնը կը կազմէր 30 միլիառ տոլար, եւ ատիկա ի հարկէ լուրջ հարուած է այդ ընկերութիւններուն», ընդգծեց Փուշքով:
Ան ըսաւ. «Ռուսիա չի փորձեր իրենց ղեկավարութեան վարմունքին համար Թուրքիոյ քաղաքացիներէն վրէժ լուծել», ուստի՝ որդեգրուած միջոցառումներուն մէջ յատուկ ջանք թափուած է նուազեցնելու պարզ քաղաքացիներուն վրայ անոնց ազդեցութիւնը:
Իր կարգին, Թուրքիոյ վարչապետ Ահմետ Տաւութօղլու յայտարարեց, որ ինք Ռուսիոյ հետ յարաբերութեանց մեծ կարեւորութիւն կ՛ընծայէ՝ աւելցնելով. «Պիտի չտատամսինք եւ պիտի չարտօնենք, որ օտար որեւէ օդանաւ մեր օդային տարածքը ներթափանցէ. պէտք է հարցերը լուծենք՝ առանց զանոնք առաւել մագլցումի մղելու: Որեւէ պետութիւն պէտք չէ Թուրքիան ամբաստանէ ինքն իր գերիշխանութիւնը պաշտպանելուն համար: Եթէ Սուրիոյ հարցով համակարգում տեղի չունենայ, ապա ռուսական օդանաւեր վար առնելը կրնայ կրկնուիլ»:
Միւս կողմէ, Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինի յայտնեց. «Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ հետ հաղորդակցութեանց մէջ ենք՝ ապահովելու համար, որ իրենց միջեւ գոյութիւն ունեցող լարուածութիւնը չազդէ Սուրիոյ տագնապին վրայ»: Ան նշեց, որ այս շաբաթ հանդիպում մը պիտի ունենայ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ, քննարկելու համար Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ տագնապն ու Սուրիոյ տագնապի լուծման վրայ անոր ունենալիք ազդեցութիւնը:
Նշենք, որ թրքական իշխանութիւնները ստանձնեցին վար առնուած ռուսական օդաչուին դիակը եւ զայն յանձնեցին Թուրքիոյ մօտ Ռուսիոյ դեսպանատան:
Անցած շաբաթավերջին, Էրտողան փորձած էր մեղմացնել Ռուսիոյ զայրոյթը՝ յայտարարելով. «Եթէ գիտնայինք, որ օդանաւը ռուսական է, թերեւս ամէն ինչ տարբեր կ՛ըլլար», սակայն Էրտողանի այս «արդարացում»ը չընդունուեցաւ Փութինի կողմէ, որ կայծակնային արագութեամբ պատասխանեց, թէ թրքական կողմը չէր կրնար չգիտնալ, որ օդանաւը ռուսական է։
Էրտողան նաեւ ըսած է, որ օդանաւին զգետնումէն ետք անմիջապէս ինք փնտռած է Փութինը, բայց Փութին չէ պատասխանած։ Իսկ Փութին այս պնդումին եւս անմիջապէս պատասխանեց՝ ըսելով, որ ինք Էրտողանէն հեռաձայն չէ ստացած։
Էրտողան նաեւ ցաւ յայտնած է անոր համար, որ Մոսկուայի մօտ թրքական դեսպանատան վրայ յարձակում գործուած է, իսկ ոստիկանները չեն կասեցուցած յարձակումը։








All the contents on this site are copyrighted ©.