2015-11-29 17:28:00

''Քրիստոնեաներու միջեւ բաժանումները հակառակ են Տիրոջ կամքին''ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի 29 նոյեմբերին յետմիջօրէին, Կեդրոնական Ափրիկէի շնորհած Առաքելական ճամբորդութեան ծիրէն ներս , Ֆրանչիսկոս Պապ Աւետարանական համալսարանի մէջ հանդիպում ունեցաւ Աւետարանական հասարակութիւններուն հետ եւ այս առթիւ արտասանած Ճառին մէջ ընդգծեց, թէ ՝՝Բոլորս՝ միեւնոյն  Յարուցեալ Տիրոջ  կը ծառայենք, Ան՝ որ այսօր, միախմբեց բոլորս՝ միեւնոյն Մկրտութիւն ստացողներս։

Ապա անդրադառնալով Կեդրոնական Ափրիկէի ժողովուրդի կրած տառապանքին, Ֆրանչիսկոս Պապ   Աւետարանի հռչակումը նկատեց հրամայական ընդգծել թէ Աստուած տառապողներու միջեւ խտրութիւններ չի կատարեր

''Բոլոր մեր հասարակութիւնները անխտրաբար, անարդարութեան պատճառաւ կը տառապին,  ու  կը տառապին՝ Սատանայէն բխած կոյր թշնամութեան հետեւանքով '' ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը եւ հրաւէր ուղղեց հակազդելու ատելութիւնը` միասնականութեամբ։  

՝՝Հասարակաց ապրած տառապանքն ու առաքելութիւնը, նախախնամական  առիթ կը հանդիսանայ  միասնաբար յարատեւելու՝ միութեան ուղիին վրա ըսաւ Ֆրանչսիկոս Պապը յայտնելով թէ ''Քրիստոնեաներու  միջեւ  բաժանումը, գայթակղութիւն է պրպհետեւ  Տիրոջ կամքին հակառակ է։ Անիկա գայթակղութիւն է նաեւ մարդկութիւնը խոցող  անհամար  բռնութեան եւ ատելութեան դիմաց, եւ այն բոլոր հակազդեցութիւններուն ի տես որոնք Քրիստոսի Աւետարանին դիմաց կը բարձրանան։








All the contents on this site are copyrighted ©.