2015-11-28 12:05:00

ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը Եկեղեցւոյ ընկերային վարդապետութեան Ե. տօնախմբութեան առթիւ։


(Ռատիօ Վատիկան) ֆրանչիսկոս Պապ տեսալսողական պատգամ մը յղած Եկեղեցւոյ ընկերային վարդապետութեան Ե. տօնախմբութեան առթիւ զոր տեղի կ՛ունենայ Վերոնայի մէջ որպէս բնաբան ունենալով  ''իրականութեան մարտահրաւէրը''։

Պատգամին սկիզբը Սրբազան Հայրը իր սիրալիր ողջոյնը կ'ուղղէ տօնախմբութեան մասնակցողներուն Ան ապա կը հաստատէ որ  երկբեւեռային լարուածութիւն մը կայ գաղափարի ու իրականութեան միջեւ։ Իրականութիւնը պարզապէս գոյութիւն ունի մինչ գաղափարը կ՛աշխատասիրուի։ Երկուքի միջեւ հարկաւոր է հաստատել մշտական երկխօսութիւն մը որպէսզի գաղափարը չխզուի իրականութենէն։

Մեր կեանքը կազմուած է բազմաթիւ տարրերէ, լուրերէ, հարցերէ ... այս ամէնը մեզ կը մղեն չտեսնելու, չանդրադառնալու մեզի հետ ապրող անհատներու հարցերուն։ Անհոգութիւնը կը թուի ըլլալ դեղ մը հանգիստ կեանք մը ապրելու։ Այս անտարբերութիւնը սակայն անձնասիրութիւն է, մեզ տխուր կը դարձնէ։ Ուրիշին հետ ապրիլը, ուրիշին խնդիրներով հետաքրքրուիլը ու անոնց նուիրուիլը կը հանգստացնէ ու լայնեցնէ մեր սիրտը, կ՛աճեցնէ սէրը ու մեզ երջանիկ կը դարձնէ։ Այս է Յիսուսի բացայայտած  իրականութիւնը երբ խօսելով վերջին դատաստանին մասին ըսաւ. ''Եկէք Հօրս Արքայութիւնը. որովհետեւ անօթեցայ եւ դուք կերակրեցիք զիս, ծարաւ էի եւ դուք խմցուցիք ինծի, պանդուխտ էի եւ դուք ընդունեցաք զիս''։

Իրականութեան մարտահրաւէրը կը պահանջէ կարողութիւնը երկխօսութեան, կամուրջներու կառուցումին, փոխան պատերու բարձրացումին։ Կը հրաւիրեմ ձեզ փորձարկելու գեղեցկութիւնը միասին ապրելու, իրարու հանդիպելու։

Իրականութեան մարտահրաւէրը կը պահանջէ փոփոխութիւն։ Բոլորս պահանջքը կը զգան հարկաւորութիւնը փոփոխութեան` սպառապաշտութիւնը, դրամապաշտութիւնը, անհաւասարութիւնը, անարդարութիւնը դարձած են ծանր բեր մը, որմէ պէտք է ազատիլ վերագտնելու մեր արժանաւորութիւնը, քաջատեղեակ ըլլալով որ իրական մեր խնդիրներու լուծումը դրամէն չի գար այլ եղբայրակցութենէն։ Ճշմարիտ փոփոխութիւնը կու գայ մեր ներսէն, անիկա Ս. Հոգւոյ պտուղն է։

Հուսկ ֆրանչիսկոս Պապը իր  լսատեսողական  պատգամին մէջ կը խօսի բնապահպանութեան մարտահրաւէրի մասին հրաւիրելով անսալու մայր հողին ճիչը` յարգանքը արարածներու ու արարչագործութեան, որմէ կախում ունի մարդու ապագան։ Մարդը եւ արարչագործութիւնը սերտօրէն կապուած են։ Բնապահպանութեան առաջին պատասխանատուներն են բնականաբար քաղաքականութիւնը, տնտեսութիւնը, բարգաւաճումի էական նախընտրութիւնները։ Ընկերութիւնը կանչուած է ժուժկալութեան, գիտակից սպառումի ապրելու ոճ մը, որ կ'ընդունի արարչագործութիւնը որպէս պարգեւ եւ ոչ թէ որպէս անհատական սեփականութիւն։ Եթէ բազմութիւնը այսպէս ապրի, համայն ընկերութիւնը շահաւոր պիտի ըլլայ եւ պիտի համապատասխանէ հողին ճիչին ու աղքատի ճիչին։

Սիրելիներ քաջութեամբ մեր հայեացքը ուղղենք ապագային։ Իրականութիւններու մարտահրաւէրները բազմաթիւ են, մեզի կ՛իյնայ պարտականութիւնը եւ ուրախութիւնը բարեբեր դարձնելու զանոնք։








All the contents on this site are copyrighted ©.