2015-11-27 13:34:00

Ֆրանչիսկոս Պապ Քենիացի երիտասարդները խրախուսեց իր սրտաբուխ խօսքերով։


(Ռատիօ Վատիկան) Նայրոպիի ''Քանկէմի'' անուամբ աղքատ թաղամասը այցելելէ ետք Ֆրանչիսկոս Պապը ուղղուեցաւ Նայրոպիի Քազարանի անուամբ մարզադաշտ ուր զինք կը սպասէին հազարաւոր երիտասարդներ որ մեծ խանդավառութեամբ ընկալեցին Սրբազան Քահանայապետին ժամանումը։

Տեղի ունեցան երգեցողութիւններ եւ վկայութիւններ ինչպէս նաեւ ողջոյնի խօսքեր ու ծառատունկ ապա խօսք առաւ Ֆրանչիսկոս Պապը ու մէկդի դնելով գրաւոր պաշտօնական ճառը իր սրտաբուխ քաջալերական պատգամը ուղղեց` պատասխանելով  Քենիացի երիտասարդներուն իրեն ուղղած հարցումներուն, քաջալերելով զանոնք յառաջ ընթանալ, վստահիլ Աստուծոյ ու իրենց ձեռքերով կերտել իրենց ապագան։

Երկարաշունչ եւ ոգեւորիչ ճառին մէջ  Սրբազան Հայրը երիտասարդները  զգուշացուց կաշառակերութենէն որ է ''մահուան ճանապարհ'', ըսաւ Ան աւելցնելով թէ ''Կաշառակերութիւնը մարդ արարածը կը կործանէ։ Կը նմանի շաքարին որ համեղ կը թուի սակայն ետքը կը հիւանդացնէ։ Կաշառակերութիւնն ալ այդպէս է մեր մէջ կը ներմուծէ սակայն ետքը մեզ անհանգիստ կը դարձնէ։ Կաշառակերութիւնը կեանքի ճանապարհ մը չէ այլ մահու` ըսաւ Քահանայապետը ապա դատապարտեց ''ցեղապաշտութիւնը'' որ մէկը միւսին դէմ կը լարէ ու մէկը միւսէն կը հեռացնէ յայտնելով թէ այդ ցեղապաշտութիւնը կարելի է յաղթահարել մէկը միւսը հրաւիրելով ձեռնուելու, ձեռք ձեռքի տալու ամէն օր։

Սրբազան Հայրը ապա շեշտեց դաստիարակութեան կարեւորութիւնը որպէս միջոց պայքարելու արմատականութեան դէմ։ Երբ երիտասարդ մը աշխատանքէ զուրկ է կամ ուսում չէ ստացած ապագայ չունի եւ անտեղ է որ դիւրաւ մուտք կը գործէ արմատականութիւնը եւ քրէական խումբերը իրենց իշխանութիւնը կը բանեցնեն անոնց վրայ, անոնց խոստանալով դրամ, փառք ու պատիւ։

Սրբազան Հայրը ապա խօսքը կեդրոնացուց հաւատքի կարեւորութիւնն վրայ` Ատուած որ մեր Հայրն է։ Անոր դիմել, նայիլ Անոր Զաւկի կեանք ուղեւորութեան Անոր խաչի ճանապարհին`Աստուծոյ ձախողութեան որ միեւնոյն ատեն մեր յոյսն է որովհետեւ խաչէն ետք կայ Յարութիւնը որ մեզ բոլորս վերանորոգեց։

Սրբազան Քահանայապետը ապա յորդորեց պաշտպանել ընտանիքը` միշտ եւ ամենուրէք։ ''Եթէ դուք հասկացողութիւն չընդունեցաք հասկացող եղէք ուրիշներուն հետ։ Եթէ սէր չընդունեցաք սիրեցէք ուրիշները։ Եթէ զգացիք առանձնութեան ցաւը, մօտեցէք անոնց որոնք միայնակ են։ Մենք եւս ընենք այն ինչ որ Աստուած ըրաւ մեր հետ` մեզ բուժելու համար մարդեղացաւ''  յորդոր ուղղեց Սրբազան Հայրը եւ երիտասարդներուն դիտել տուաւ թէ Աստուծոյ մինակ դերութիւնը այն է թէ ''երբեք չի կրնար դադրիլ Հայր ըլլալէ''։








All the contents on this site are copyrighted ©.