2015-11-27 10:38:00

Ֆրանչիսկոս Պապ Նայրոպիի մէջ կը հանդիպի կղերական դասին հետ:


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի, 26 նոյեմբերին, Քենիայի ժամով յետմիջօրէին 3.45-ին, իսկ Հռոմի ժամով 13.45-ին,  Նայրոպի քաղաքի St Mary’s School դպրոցի տարածքին վրայ գտնուող մարզադաշտին մէջ, Ֆրանչիսկոս Պապ հանդիպեցաւ Քենիայի կղերական դասին,  կրօնաւորներուն, կրօնաւորուհիներուն եւ նորընծաներուն հետ։

Այս առթիւ Նորին Սրբութեան ողջոյնի խօսք արտասանեց Քենիայի եպիսկոպոսական համահաւաք դասի Կղերականներու յանձնախումբի նախագահ գերապայծառ Անթոնի Իրերի Մուքոպօ։

Հանդիպման ընթացքին տեղի ունեցան հոգեւոր երգերու ներկայացում­, սուրբ գրային ընթերցումներ, աղօթքներ ու ապա վկայութիւններ հուսկ խօսք առաւ Սրբազան Հայրը ու մէկդի դնելով գրաւոր պատրաստուած ճառը իր սրտի խօսքը ուղղեց ներկաներուն շնորհակալութիւն յայտնելով անոնց տածած աշխատանքին ու ծառայութեան ի սպաս  հիւանդներուն, աղքատներուն եւ գաղթականներուն'' Ան ապա շնորհակալութիւն յայտնեց դաստիարակիչներուն որոնք կ՛օժանդակեն ընկերութեան բարոյական եւ հոգեկան կեանքի կերտումին հիմնուած` արդարութեան եւ զօրակցութեան  հաստատ հիմերու վրայ։

Սրբազան Քահանայապետը իր սրտաբուխ խօսքին մէջ յորդորեց միշտ լաւ պահպանել Աստուծոյ շնորհած կոչումի պարգեւը ու միշտ հայեացքը ուղղել դէպի երկինք` Յիսուս Քրիստոսի։ 

Սրբազան Քահանայապետը ակնարկեց թէ Աւետարանի կեանքը դիւրին կեանք մը չէ բայց եւ այնպէս ան կու տայ իսկական երջանկութիւն։

Եկեղեցին պարզ կազմակերպութիւն մը չէ , Յիսուսի հետեւելու կեանքին մէջ տեղ չկայ անհատական ձգտումներուն, ոչ հարստութիւններու եւ ոչ ալ աշխարհի մէջ  կարեւոր անձնաւորութիւն մը դառնալու։ Յիսուսին կը հետեւինք մինչեւ  Իր երկրային կեանքին վերջին  քայլը՝ Խաչը։

Եկեղեցին խորհուրդ մըն է. Խորհուրդ մը Յիսուսի հայեացքը ուղղուած մեզմէ ամէն մէկուն որ մեզի կ՛ըսէ ''Հետեւէ ինծի''։

Նորին Սրբութիւնը ապա սրտաբուխ  հրաւէր ուղղեց ներկաներուն. Երբեք մի հեռանաք Յիսուսէն։ Այս կը նշանակէ երբեք  մի դադրիք աղօթելէ։ Եթէ կղերական մը լքէ աղօթքը. Անոր հոգին կը ցամքի։ Հոգեւորականի մը հոգին որ աղօթքը չի ճանչնար տգեղ հոգի մըն է։

Սրբազան Հայրը ապա ներկայացուց իր առաքելութեան փորձառութենէն քաղուածքներ ապա  խօսքը եզրափակեց շնորհակալութիւն յայտնելով ներկաներուն ու անոնց վստահեցնելով իր աղօթքները ապա խնդրեց  որ իրենք եւս աղօթեն իրեն համար։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.