2015-11-26 15:12:00

Ֆրանչիսկոս Պապի Քենիայի մէջ այցելած վայրերը


''St Mary’s School'' դպրոցը

St Mary’s School դպրոցը Ճանչուած է նաեւ որպէս “Saints” անուամբ որ կը պատկանի Նայրոպի թեմին։ Հիմնուած է 1939-ին, Իրալանտացի “spiritani” միաբանութեան միսիոնարներու կողմէ մինչ այժմ մատակարարուած է ՝՝Ֆէլիչիանէ՝՝ մայրապետներու կողմէ։     

Նայրոպիի մէջ  ՄԱԿ-ի գրասենեակի կեդրոնը (UNON)

Նայրոպիի  մէջ ՄԱԿ-ի գրասենեակի կեդրոնը` Ափրիկէի  մէջ ՄԱԿ-ի ներկայացուցչական գրասենեակն է  որ հիմնուած է 1996-ի ՄԱԿ-ի ընդհանուր նիստի ընթացքին։  

Kangemi  հիւղաւանը

''Kangemi''ն Նայրոպիի հիւղաւաններէն մին է որ շրջապատուած է բնակուած տարածքներէ։ Ան կը գտնուի փորքիկ հովիտի մը մէջ որուն հարաւը սահմանակից է  ՝՝Քալանկվար՝՝ հիւղաւանին։  Հիւղաւանին մէջ կը բնակին զանազան ցեղերէ  100 հազարէ աւելի աղքատ մարդիկ։ Հիւղաւանին մէջ կը պակսին ենթակառոյցները։

Հիւղաւանին մէջ կը գործէ Յիսուսեան Միաբանութեան հայրերու ''Աշխատաւոր Սուրբ Յովսէփ՝՝ անուան ժողովրդապետութիւնը որ ունի 20 հազար հաւատացեալներ։ Այնտեղ կը գործէ նաեւ խնամատուն մը եւ բարձրագոյն վարժարան ինչպէս նաեւ դժուար կացութեան մէջ գտնուող մայրերու կեդրոն եւ արհեստական դպրոց մը։








All the contents on this site are copyrighted ©.