2015-11-26 10:33:00

Նախագահ Սարգսեան «Հայաստանը պէտք է մնայ աշխարհի ամէնէն անվտանգ երկիրներու շարքին»


Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան 25 նոյեմբերին աշխատանքային քննարկում ունեցած է Հայաստանի ազգային անվտանգութեան ծառայութեան եւ ոստիկանութեան ղեկավարներուն հետ` իրաւապահ այս կառոյցներու իրաւասութեան վերաբերող հարցերուն շուրջ:

Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէնի եւ ոստիկանութեան պետի զեկուցումներուն գծով երկրի ղեկավարը նշած է, որ ներկայիս աշխարհաքաղաքական զարգացումները կը ստիպեն խստացնել Հայաստանի քաղաքացիներուն եւ երկրին մէջ գտնուող իւրաքանչիւր անձի անվտանգութեան ապահովման վերաբերող միջոցառումները:

«Այս գործերը նախ եւ առաջ պէտք է կրեն, անշուշտ, կանխարգելիչ բնոյթ եւ որեւէ կերպով պիտի չխաթարեն մեր երկրի բնականոն գործունէութիւնը ու, բնականաբար, որեւէ սահմանափակում պէտք չէ ըլլայ մեր քաղաքացիներուն համար: Այս առումով, անշուշտ, էական նշանակութիւն ունի արհեստավարժութիւնը բոլոր այն մարդոց, որոնք   ներգրաւուած են այս միջոցառումներուն իրականացման գործին մէջ: Ես կասկած չունիմ, որ մենք ունինք համապատասխան մասնագէտներ, համապատասխան մարդիկ, որոնք իրենք զիրենք նուիրած են այդ գործին` մեր երկրին մէջ անվտանգութիւնը ապահովելու գործին, եւ անոնք պատուով կը կատարեն իրենց աշխատանքը», յայտնած է նախագահը, եւ ըսուածին իբրեւ վառ ապացոյց, մատնանշած է 25  նոյեմբերի գիշերը տեղի ունեցած գործողութիւնը: «Մենք տարիներու  քրտնաջան աշխատանքով` նշածս մարդոց քրտնաջան աշխատանքով, դասուած ենք աշխարհի ամէնէն անվտանգ երկիրներու շարքին, եւ Հայաստանը պէտք է մնայ աշխարհի ամէնէն անվտանգ երկիրներու շարքին: Մեր երկրին մէջ պէտք չէ տեղի ունենայ իրադարձութիւն, որ  կրնայ խաթարել երկրին հեղինակութիւնը,  վստահաբար նաեւ` այս մարզին մէջ», եզրափակած է նախագահ Սարգսեան:

Հանրապետութեան նախագահը իրաւասու իրաւապահ մարմիններուն տուած է շարք մը յանձնարարականներ` ընդգծելով, որ հասարակական անվտանգութեան ապահովման վերաբերող կանխարգելիչ գործողութիւնները պէտք է շարունակական եւ հետեւողական բնոյթ կրեն:








All the contents on this site are copyrighted ©.