2015-11-25 10:18:00

Թուրքիա վար առաւ Սուրիոյ վերեւ թռիչք կատարող Ռուսական «Սու-24»-ը


ԱՆԳԱՐԱ, «Ա.Էֆ.Փէ.».- Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդեց, որ Նոյեմբեր 24ին ռուսական «Սու-24» տիպի ռազմական օդանաւ մը 6000 մեթր բարձրութեան վրայ թռիչք կատարած ատեն, ցամաքէն կրակոցի ենթարկուելով ջախջախուած է Սուրիա-Թուրքիա սահմանին մօտ, սուրիական հողերուն վրայ:
Նախապէս թրքական զինուորական աղբիւր մը յայտնած էր, որ թրքական «Էֆ.16»ի մը կողմէ վար առնուած է օդանաւ մը՝ Թուրքիոյ օդային տարածքը խզելուն համար, իսկ սուրիական լաւատեղեակ աղբիւրներ լիբանանեան «Նաշրա» կայքին յայտնած էին, որ ռուսական օդանաւ մը հակաօդային պաշտպանութեան զէնքերու կողմէ խոցուելէն ետք ջախջախուած է Լաթաքիոյ հիւսիսային գիւղական շրջանին մէջ:
Այս միջադէպին պատճառով, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով ջնջեց Չորեքշաբթի օր Թուրքիա կատարելիք իր այցելութիւնը, մինչ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին խստօրէն դատապարտեց արարքը՝ զայն «ահաբեկիչներու մեղսակիցներու»ն կողմէ իրագործուած «կռնակէն հարուած մը» որակելով:
Յորդանանի Ապտալլա թագաւորին հետ հանդիպումին ընթացքին, բացայայտօրէն զայրացած Փութին աւելցուց, թէ ահաբեկչութեան դէմ պայքարող ռուս զինուորներուն վրայ յարձակումը կատարուած է այդ մարդկանց կողմէ, որոնք տարիներէ ի վեր արտօնութիւն կու տան «Իսլամական պետութեան», որ ազատօրէն քարիւղ արտածէ Թուրքիոյ տարածքէն. իսկ այդ ապօրինի առեւտուրէն գոյացած գումարներով ահաւոր ոճիրներ կը գործուին աշխարհի տարածքին։ Փութին նաեւ շեշտեց, թէ ռուսական օդանաւին զգետնումը «լուրջ հետեւանքներ» պիտի ունենայ Ռուսիա-Թուրքիա յարաբերութեանց վրայ։
Սուրիոյ իշխանութիւնները եւս դատապարտեցին թրքական յարձակումը՝ զայն երկիրի ինքնիշխանութեան դէմ հարուած մը նկատելով։
Աւելի ուշ հաղորդուեցաւ, թէ ռուսական օդանաւը ինկած է Սուրիոյ Եայլատաղ (կարգ մը աղբիւրներու համաձայն՝ Թիւրքմէնտաղ) շրջանի Եամատի գիւղին մօտերը, որ մեծամասնութեամբ թիւրքմէն բնակչութիւն ունի։
Շրջանի թիւրքմէններու զինեալ խմբաւորման ղեկավարը յայտնած է, թէ իր ուժերը կրակ բացած են երկու ռուս օդաչուներուն վրայ՝ օդին մէջ սպաննելով զանոնք, սակայն աւելի ուշ հաղորդուեցաւ, թէ անոնց կրակոցներով սպաննուած է օդաչուներէն մէկը միայն, մինչ երկրորդը կրցած է փախուստ տալ։
Սուրիոյ իշխանութեանց դէմ կռուող զինեալ ուժեր Երեքշաբթի օր նաեւ ռուսական ուղղաթիռ մը կրցած են զգետնել, սակայն անոր օդաչուները կրցան են փախուստ տալ։
Ռուսական օդանաւի զգետնումէն անմիջապէս ետք, Թուրքիա ՆԱԹՕի արտակարգ ժողով մը հրաւիրեց՝ քննելու համար միջադէպը։
Նաեւ, միջադէպէն անմիջապէս ետք, թրքական լիրան կտրուկ կերպով արժեզրկուեցաւ, իսկ թրքական սակարանին մէջ բաժնետոմսերու գիները անկում արձանագրեցին, մինչ քարիւղի միջազգային գինը աճ արձանագրեց։
Նոյն դէպքին հետեւանքով, նահանջեցին նաեւ ռուսական սակարանի ցուցանիշները:








All the contents on this site are copyrighted ©.