(Ռատիօ Վատիկան) Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի տնօրէն Հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտի հաղորդագրութեամբ մը տեղեկացուց թէ այսօր` 24 նոյեմբերին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, առաւօտեան 10,30-ին այցելութիւն տուաւ Վատիկանի Պետական դրամատան ''ԵՕՐ'' ին, ուր քսան վայրկեան տեւողութեամբ տեսակցութիւն ունեցաւ դրամատան վերահսկողութեան խորհուրդի անդամներուն հետ անոնց տեղեկացնելով Նոր Տնօրէնի նշանակումը յանձին Տոքթ Ճան Ֆրանքօ Մամմիի, որ մինչեւ օրս կը վարեր դրամատան փոխ տնօրէնի պաշտօնը եւ որուն պիտի աջակցի Տոքթ Ճուլիօ Մաթթիեթին մինչեւ նոր փոխ տնօրէնի մը անուանումը։
All the contents on this site are copyrighted ©. |