2015-11-23 12:16:00

«Մանկական Եւրոտեսիլ 2015». Հայաստան երկրորդ տեղը գրաւեց


«Մանկական եւրոտեսիլ­ 2015» միջազգային մրցոյցին յաղթեց Մալթայի ներկայացուցիչ Տեսթինի Չուկունյերէն «Not My Soul» («Ոչ իմ հոգին») երգով: Հայաստան գրաւեց երկրորդ հորիզոնականը: «Մանկական եւրոտեսիլ-­2015»­ի հայաստանեան ներկայացուցիչ Միքան (Միքայէլ Վարոսեան) ելոյթ ունեցաւ 11 համարի ներքոյ` ներկայացնելով «LOVE» խորագիրը կրող երգը:

<Միքան Մալթայի ներկայացուցիչին զիջեց ընդամէնը 9 միաւորով, փոխարէնը սէր ու բարձր տրամադրութիւն փոխանցեց հանդիսատեսին եւ վստահաբար կը յիշուի մանկական եւրոտեսիլի պատմութեան մէջ>,- ըստ <Հայերն այսօր>-ի`  կը գրէ Առաջին ալիքը իր ֆէյսպուքեան էջին վրայ:

Միքան ստացաւ 12 միաւոր Վրաստանէն, Հոլանտայէն, Ռուսաստանէն, Պելառուսէն, 10 միաւոր Սերպիայէն, Սլովենիայէն, Աւստրալիայէն, Մակետոնիայէն, Պուլկարիայէն, Սան Մարինոյէն, Ալպանիայէն, 8 միաւոր Իրլանտայէն, Ուքրանիայէն, 7 միաւոր Մալթայէն, Մոնթենեկրոյէն, 6 միաւոր Իտալիայէն: Եւրոպական հեռարձակողներու միութիւնը բոլոր երկիրներու երգիչ­ երգչուհիներուն 12 միաւոր շնորհեց: Մանկական ժիւրին Միքային տուաւ 10 միաւոր:








All the contents on this site are copyrighted ©.