2015-11-21 07:14:00

Մալիի մէջ զինեալներ պանդոկ մը ներխուժեցին։


Մալիական մասնայատուկ ուժեր երէկ ներխուժեցին Մալիի մայրաքաղաք Պամաքոյի մէջ գտնուող «Ռատիսըն Պլու» պանդոկ` ազատագրելու համար շուրջ 10 զինեալներու կողմէ պատանդ վերցուած 170 անձեր, որոնց շարքին էին Թրքական օդանաւային ընկերութեան անձնակազմի 7 անդամներ, «Էր Ֆրանս»-ի անձնակազմի 12 անդամներ, ամերիկացիներ, 20 հնդիկ եւ 10 չին:

Զինեալները ամերիկեան պանդոկ ներխուժած էին «ալլահուաքպար» բացագանչելով:

«Սքայ Նիուզ» հաղորդեց, որ ֆրանսական իշխանութիւնները պատանդներու ազատ արձակման օժանդակելու համար գաղտնի սպասարկական տեղեկութիւններ փոխանցած են Մալիի: ԱՖՓ հաղորդեց, որ պատանդներու ազատագրման գործողութեան մասնակցած են նաեւ ֆրանսական մասնայատուկ ուժեր: Ամերիկեան բանակը իր կարգին յայտարարեց, որ իր մասնայատուկ ուժերը մասնակից դարձած են գործողութեան:

Ըստ լրագրողներու, այս գործողութեան ընթացքին արձանագրուած է առնուազն 18 զոհ, որոնց կողքին սպաննուած են երկու զինեալներ:

Զոհերուն շարքին է Պելճիքայի Ուալոնիա շրջանի երեսփոխան Ճէօֆրի Տիոտոնէ:

Քայիտայի հետեւող «Մուրապիթուն» խմբաւորումը ստանձնեց Մալիի գործողութեան պատասխանատուութիւնը:

Ուշ երեկոյեան յայտնուեցաւ, որ կարելի եղած է «Ռատիսըն Պլու» պանդոկին մէջ գտնուող 80 պատանդներ ազատ արձակել:








All the contents on this site are copyrighted ©.