2015-11-20 12:32:00

Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը Գերմանիայի եպիսկոպոսներու համահաւաք դասին։


(Ռատիօ Վատիկան) Նոյեմբեր 16-20 Գերմանացի եպիսկոպոսները իրենց հնգամեայ կանոնական այցելութիւնը կատարեցին Սուրբ Պետրոսի յաջորդին եւ այս առթիւ Ֆրանչիսկոս Պապին հետ հանդիպումներ ունեցան ըլլայ հինգշաբթի 19 նոյեմբեր 2015-ին ըլլայ ուրբաթ 20 նոյեմբերին։

Սովորութեան համաձայն Ֆրանչիսկոս Պապ եպիսկոպոսներուն յանձնեց գրաւոր ճառ մը որուն մէջ մատնանշելով հնգամեայ կանոնական այցելութեան կարեւորութեան որպէս ուխտագնացութիւն Առաքեալներու դամբանին եւ միութեան հաղորդութեան նորոգում ընդմէջ եպիսկոպոսին եւ տիեզերական եկեղեցւոյ շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց ու Գերմանական Եկեղեցւոյ անոր տուած բարեգործական սատարին` մարդոց եւ աշխարհին։

Գրաւոր ճարին մէջ Սրբազան Հայրը շօշափեց ապա եկեղեցին դիմագրաւող հարցեր մեկնելով գաղթականութեան հարցէն ու գաղթականներու դէպի եւրոպա հոսքի երեւոյթէն մատնանշելով  անոնց պատշաճ հիւրընկալութիւն ապահովելու անհրաժեշտութեան։ Նորին Սրբութիւնը ապա հրաւիրեց աւելիով խնամք տանիլ գերմանիայի կաթողիկէ հաւատացեալներու հոգեւոր պահանջներուն, ուշադիր ըլլալով  խորհուրդներու մատակարարութեան։

''Եկեղեցին պէտք է իր դռները բանայ բոլորին'' ըսաւ Սրբազան Հայրը, Եկեղեցին պէտք է ներկայանայ բոլոր մարդոց իրենց միջավայրին մէջ ունենալով բարի դիմագիծ մը ու Յիսուս Քրիստոսի մարմինը։

Քահանայապետը ապա ընդգծեց Եկեղեցւոյ միսնիոներականութեան կարեւորութիւնը` դառնալով դէպի դուրս ընթացող եկեղեցի մը ու դիմագրաւելով աշխարհայնացումի գրաւականը նոր աւետարանութեան ուղիով ու լաւագոյնս օգտագործելով կազմաւորումի ասպարէզը սկսեալ կաթողիկէ դպրոցներէն եւ համալսարաններէն։

Սրբազան Հայրը ապա յանձնարարեց եպիսկոպոսներուն ըլլալու միշտ մօտիկ իրենց հօտին իրենց քահանաներուն ու հոգ տանելու անոնց պահանջներուն եւ դժուարութիւններուն ու մաղթանք յայտնեց որ Յոբելինական Ողորմութեան Սուրբ տարին առիթ հանդիսանայ դարձեալ վերագտնելու խոստովանանքի խորհուրդի գեղեցկութիւնը։

Ֆրանչիսկոս Պապ գրաւոր ճարը եզրափակեց եպիսկոպոսներէն խնդրելով որ շարունակեն աղօթել իրեն համար ու բոլոր ներկաները յանձնեց Աստուածամօր հովանիին ու անոնց տուաւ իր առաքելական օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.