2015-11-20 12:59:00

''Միջազգային ընտանիքը միացած ահաբեկչութեան դէմ'' Ըսաւ Գերապայծառ Կալլակըր


(Ռատիօ Վատիկան) ՄԱկ-ի մօտ Սուրբ Աթոռի մնայուն դէտ Գերապայծառ Փոլ Ռիչըրտ Կալլակըր, 19 նոյեմբեր 2015-ին,  ՄԱԿ-ի ընդհանուր նիստի ընթացքին  ելոյթ մը ունեցաւ, որուն մէջ մեկնաբանելով 13 նոյեմբերին, Փարիզի մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչական գործունէութիւնները, յարեց՝՝ Միջազգային ընտանիքը պէտք է միանայ եւ զօրաշարժի մատնէ բոլոր ապահովական միջոցները, հակազդելու համար ահաբեկչութեան։

Կառավարութիւնը, իր ազգային սահմաններէն ներս ստիպուած է իր քաղաքացիներու պաշտպան կանգնիլ՝ ահաբեկչական յարձակումներէն եւ անոնց ներկայութնէն։

Իսկ արտասահամանի մէջ կատարած պատերազմական միջամտութիւնը պէտք է փնտռէ իր օրինականութիւնը՝ միջազգային ընտանիքին համաձայնութեամբ։

Իսլամական Պետութեան՝՝ հետ երկխօսութիւն կատարելը կարելի՞ է՜՜ հարցումին, գերապայծառ Կալլակըր պատասխանեց ըսելով ՝՝ինչպէ՜ս կարելի է երկխօսութիւն կատարել երբ կան ծայրայեղական դիրքեր։ ՝՝Այս պահուս՝՝ ըսաւ գերապայծառը ՝՝շատ դժուար կը նկատեմ երկխօսութիւն կատարելը, որովհետ երկխօսութեան համար պէտք է ուրիշին հետ յարաբերութեան մէջ մտնել, պէտք է զայն յարգել։

Իսկ Փարիզի մէջ ահաբեկչական գործողութիւններուն ի տես, Ֆրանչիկսոս Պապի կատարած արտայայտութեան մասին անդրադառնալով, Գերապայծառ Կալլակըր ըսաւ թէ Նորին Սրբութիւնը ՝՝մաս մաս կատարուած համաշխարհային պատերազմ՝՝ անուանեց իրավիճակը, նկարագրելու համար այս տարիներուն մարդկութեան ապրած ողբերգութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.