2015-11-20 09:27:00

''Հայկական հարցը'' վաւերագրական բազմահատոր հրատարակութեան պաշտօնական ներկայացումը


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ` 21 նոյեմբեր 2015-ի յետմիջօրէին, Արեւելեան Քահանայապետական Հաստատութեան մօտ տեղի կ՛ունենայ Յիսուսեան Հայր Ժորժ Հէնրի Ռոյսէնի ''Հայկական հարցը'' բնաբանով վաւերագրական բազմահատոր հրատարակութեան պաշտօնական ներկայացումը։

1967-ի ծնունդ Հայր Ռոյսէնը Պելկիացի Յիսուսեան Քահանայ է։ Ան Դասատու է  Արեւելեան Քահանայապետական Հաստատութեան եւ Փարիզի ''Centre Sèvres'' Յիսուսեաններու մասնաճիւղի մօտ։

Հիմնուելով Վատիկանեան եւ այլ գաղտնի արխիւական փաստաթուղթերու վրայ, Հայր Ռոյսէն մինչեւ օրս հրատարակած է վեց հատորներ.

- Հայկական հարցը Ա հատոր 1894-1896, Վատիկանեան գաղտնի արխիւներու փաստաթուղթեր։

- Հայկական հարցը Բ հատոր 1894-1896, Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի արխիւներու փաստաթուղթերը։

- Հայկական հարցը Գ Հատոր 1908-1925 Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի արխիւներու փաստաթուղթերը

- Հայկական հարցը Դ, Ե, Զ Հատորներ 1908-1925 Վատիկանեան գաղտնի արխիւներու եւ Վատիկանի Պետական Քարտուղարութեան, Պետութիւններու հետ յարաբերութեան պատմական արխիւներու փաստաթուղթեր։

Վերոնշեալ հատորներու շնորհանդէսի բացումը կը կատարէ Արեւելեան Քահանայապետական Հաստատութեան Ռեքթոր` Հայր Տավիտ Է Նազար, մինչ հանդիպումը կը նախագահդ Հայր Չեզարէ Ճիրաուտօ։

Ելոյթ կ՛ունենան ապա գերապայծառ Պօղոս Լեւոն Զէքիեան` Իսթանպուլի Հայ կաթողիկէներու առաջնորդ, Գերապայծառ Շիրիլ Վասիլ` Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի քարտուղար, Փրոֆ Անտրէա Ռիքքարտի Սանդ Էճիտիօ հասարակութեան հիմնադիր, Վսեմաշուք Տիար Միքայէլ Մինասեան`Հայաստանի Սուրբ Աթոռի մօտ հաւատարմագրուած դեսպան, Հայր Ժորժ Հէնրի Ռոյսէն­­ Տոքթ Մարիօ Փիրոլլի եւ Հայր Տրդատ Պազիքեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.