2015-11-20 14:19:00

Հաղորդագրութիւն Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին Ուկրանիայի նախագահին շնորհած ունկնդրութեան մասին։


(Ռատիօ Վատիկան) Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը հրատարակեց հաղորդագրութիւն մը որուն մէջ նշեց թէ այսօր` 20 նոյեմբեր 2015-ին առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, առաքելական պալատին մէջ ընդունեց Ուկրանիոյ հանրապետութեան նախագահ` Տիար Փիեթրօ Փորոշենքոյին, որ ապա հանդիպում ունեցաւ Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղար` Կարդինալ Փիէթրօ Փարոինին  հետ, որուն կ՛ընկերանար Պետութիւններու հետ յարաբերութիւններու քարտուղար գերապայծառ Փոլ Կալլակէր։

Սիրալիր խօսակցութիւններու ընթացքին, շեշտուեցան Սուրբ Աթոռի եւ Ուկարնիոյ Հանրապետութեան միջեւ տիրող լաւ յարաբերութիւնները, ու շօշափուեցան երկրին մէջ տիրող հակամարտութիւններու բերումով ստեղծուած իրավիճակը­, մաղթանք յայտնելով որ բոլոր կողմերու յանձնառութեամբ յանգին  քաղաքական լուծումներու` սկսեալ Մինսկի համաձայնագրի կիրարկումէն։   

Մտահոգութիւն արատայայտուեցաւ ապա մարդկայնական տագնպին ի տես ու օգնութեան հասնող կազմակերպութիւններուն կրած դժուարութիւններուն, հակամարտութեան շրջաններ հասնելու համար, ինչպէս նաեւ այս իրավիճակի հետեւանքներուն` երկրին տնտեսական եւ ընկերային կեանքին վրայ։

Զրոյցներու ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ  Ուկրանիոյ ընկերութեան կեանքէն ներս կաթողիկէ Եկեղեցւոյ բերած սատարին








All the contents on this site are copyrighted ©.