2015-11-20 17:17:00

Կաթողիկէ դաստիարակութեան ժողովի վեհաժողովին մասնակիցներուն հետ հանդիպում


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ,  21 նոյեմբեր 2015-ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Եգիպտոսի Հանրապետութեան Սուրբ Աթոռի մօտ նորանշանակ դեսպան` Տիար Հաթեմ Սէյֆ Էլ Նասր` հաւատարմագրերու յանձնումի առիթով ։

Ապա՝ Շուէտի, Ֆինլանտայի եւ Նորվէկիայի մօտ՝ առաքելական նուիրակ՝ գերապայծառ Հենրիք Ժոզէֆ Նովաչքի, եւ ''ՈՒՆԵՍՔՈՅԻ''  մօտ Սուրբ Աթոռի մնայուն դէտ` գերապայծառ Ֆրանչեսքօ Ֆոլլօ։

Ժամը 11,30-ին Պօղոս Զ.ի անուան սրահին մէջ,  Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ունկնդրութիւն շնորհեց Ս. Աթոռի  կաթողիկէ Դաստիարակութեան Ժողովի կողմէ` Gravissimum educationis Վատիկանեան Բ. Ժողովի  վաւերագիրի 50-րդ եւ Ex corde Ecclesiae առաքելական սահմանադրութեան  25°  տարեդարձներու առթիւ  գումարուած՝  Համաշխարհային ժողովին 7 հազար մասնակիցներուն։ Պատասխանելով անոնց հարցերուն Սրբազան Քահանայապետը ըսաւ՝ ``Կաթողիկէ դաստիարակութիւնը պէտքէ կատարուի քրիստոնէական հոգիով, մերժելով մարդորսութիւնը։ Այդ դաստիարակութեան մէջ պէտք է աշխատիլ բանալ սրտերը Տիրոջ։ Ներկայիս դաստիարակութեան մէջ ստէպ կը մոռնանք վերացական տարածքը։ Պէտք է նաեւ զգուշանալ դաստիարակութիւնը միայն ընտրանի զանգուածի մը շնորհելէ, այլապէս այն աղքատներէն հեռացում պիտի պատճառէ։ Դպրոցը պէտք է ներգրաւէ բոլորը, պէտք է միացնէ բոլորը եւ ոչ ոք դուրս ձգէ։ Հետեւաբար պէտք է դուրս գալ դէպի ծայրամասեր, եւ այնտեղ երիտասարդները դաստիարակել, աճեցնել մարդկայնութեան մէջ։ Ծայրամասերուն մէջ երտասարդները գոյատեւման եւ վիրաւորեալ մարդկայնութեան փորձառութիւններ ունին։ Ծայրամասերը երթալ՝ ոչ թէ բարեգործութիւններ կատարելու եւ ուսում տալու՝ այլ աճեցնելու մարդկայնութեան մէջ եւ արժէքներով։ Կարեւոր է նաեւ, որ կապը ընտանիքի եւ դպրոցի, ընտանիքի եւ պետութեան մէջ չխզուի։ Այդ յարաբերութիւններու խզումը կրնայ մեծ վնասներ պատճառել։ Իսկ դաստիարակի մը համար պարիսպներ բարձրացնելը՝ մեծագոյն ձախողութիւնն է։``








All the contents on this site are copyrighted ©.