2015-11-19 09:30:00

ՀՀ սփիւռքի նախարար մասնակցեցաւ«Արդի Հայերէնի հիմնախնդիրները»խորագիրով գիտաժողովի


Նոյեմբեր 18-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան մասնակցեցաւ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան եւ ԵՊՀ-ի կողմէ կազմակերպուած «Արդի հայերէնի հիմնախնդիրները» խորագիրով միջազգային երկօրեայ գիտաժողովի բացման հանդիսաւոր արարողութեան:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ ԵՊՀ հայկական բանասիրութեան բաժանմունքի տնօրէն Արծրուն Աւագեան: Ներկաներուն ողջունեցին ՀՀ ԿԳ նախարար Արմէն Աշոտեան եւ ԵՊՀ տնօրէն Արամ Սիմոնեան:

Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան: Ան կարեւոր համարեց Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան նախաձեռնութեամբ Մայր համալսարանին մէջ «Արդի հայերէնի հիմնախնդիրները» գիտաժողովի կազմակերպումը: Գերատեսչութեան ղեկավարը նշեց, որ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան կողմէ տարիներ շարունակ իրականացուող բազում ծրագիրներ միտուած են նպաստելու Սփիւռքի մէջ լեզուապահպանութեան. «Սփիւռք» ամառնային դպրոց», «Արի տուն», «Ելեկտրոնային գրադարան», «Արեւմտահայերէնէ արեւելահայերէն եւ հակառակը` փոխարկիչ», «Հայոց լեզուի ուսուցման հեռուստադպրոց», «Ուսուցիչներու գործուղում հեռաւոր տարածաշրջաններ»  եւ բազում այլ ծրագիրներու շնորհիւ աշխուժացած է Հայրենիք-Սփիւռք գործակցութիւնը: Յատկապէս հայոց լեզուի  հիմնախնդիրներու լուծման ուղղութեամբ նկատելի է հայաստանեան եւ Սփիւռքի մասնագէտներու աշխոյժ գործակցութիւնը: «Հայոց ցեղասպանութեան անդառնալի հետեւանքներից էր մշակութային ցեղասպանութիւնը, մասնաւորապէս եղեռնազարկ եղաւ մեր ամենամեծ հարստութիւնը` մեր Մայրենին: Խորհրդային Հայաստանում մշակուեց հայոց լեզուի դասաւանդման ու մատուցման միասնական համակարգ, ստեղծուեցին դասագրքեր, իսկ Սփիւռքում լեզուական գործընթացներն առաւել տարերային բնոյթ կրեցին: Անուրանալի են Սփիւռքի տարբեր համայնքներում լեզուապահպանութեան գործում առանձին կառոյցների ու կազմակերպութիւնների, մասնագէտների ու կրթօջախների ջանքերը», – ընդգծեց նախարար Հրանոյշ Յակոբեան:

Նախարարը ցաւով աւելցուց, որ արեւմտահայերէնը ներառուած է ԵՈՒՆԵՍԿՕ-ի «Աշխարհի վտանգուած լեզուներու ելեկտրոնային ատլասին» մէջ եւ ունի վտանգուածութեան առկայ մակարդակներէն «հաստատապէս վտանգուած» կարգավիճակը:

Հրանոյշ Յակոբեան առանձնացուց երկու հիմնահարց, որոնց ուղղութեամբ պէտք է աշխատանքներ տարուին: «Առաջինը արեւելահայերէնի կանոնակարգման խնդիրն է, որը հնարաւոր է արդիւնաւէտ իրականացնել Հայերէնի բարձրագոյն խորհրդի ստեղծմամբ: Երկրորդ կարեւոր հիմնահարցը հայերէնի երկու ճիւղերի մերձեցման խնդիրն է», – նշեց ան:

ՀՀ սփիւռքի նախարարը ընդգծեց, որ արեւմտահայերէնը մեր լեզուամշակութային հարստութիւնն է, մեր մշակոյթի հիմքը եւ պէտք է ըլլայ հայոց պետականութեան, ողջ հայ ժողովուրդի մշտական հոգածութեան առարկան:

Դիմելով գիտաժողովին մասնակցող հայագէտներուն եւ լեզուաբաններուն` նախարար Հրանոյշ Յակոբեան  յոյս յայտնեց, որ առաջադրուած խնդիրներով մտահոգ մասնագէտները հանդէս կու գան իրավիճակի վերլուծութիւններով, դիտարկումներով, առաջարկութիւններով, որոնք կը նպաստեն լեզուապահպանութեան աջակցելու համալիր ծրագիրի մշակման, հայերէնի երկու ճիւղերու համընթաց ու միասնական զարգացման, փոխհարստացման ուղիներու մշակման:

Ներկաներուն ողջունեցին նաեւ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Մկրտիչ Մկրտիչեան եւ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային հիմնադրամի նախագահ Լիլիթ Գալստեան:

Գիտական զեկուցումներով հանդէս եկան շարք մը անուանի լեզուաաբաններ Հայաստանէն եւ Սփիւռքէն:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.