2015-11-18 11:27:00

Հռոմ. Երեկոյեան ժամասացութիւն Փարիզի զոհերուն համար։


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի 18 նոյեմբերին Հռոմի թեմի տեղապահը արքեպիսկոպոսը` կարդինալ Վալլինի երեկոյեան ժամասացութիւն կը գլխաւորէ Փարիզի զոհերուն ու Սուրիոյ եւ Իրաքի խաղաղութեան համար։

Արարողութեան ընթացքին Հալէպ ապրող ֆրանչիսկեան եղբայր Ֆիրաս Լուտֆի իր վկայութիւնը պիտի տայ Հալէպի մարտիրոս քաղաքին մասին։

Աղօթքին հրաւիրուած են Յաւիտենական Քաղաքին մէջ ապրող արեւելցի եկեղեցիներու հաւատացեալները։

Ժամասացութեան ընթացքին բարեխօսութիւնը պիտի հայցուի Փարիզի զոհերուն համար եւ Սուրիոյ եւ Իրաքի խաղաղացումին համար։

Աղօթքին իր մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ գերապայծառ Մաթթէօ Ծուփփի` առաջնորդը Իտալիոյ Պոլոնիա թեմին, որ մամուլին հետ ունեցած ելոյթով ըսաւ ''հարկաւոր է ետ մղել մոլեռանդութիւնը ու զարգացնել հանդիպումի մշակոյթը''։  








All the contents on this site are copyrighted ©.