2015-11-18 11:16:00

Կաթողիկէ դաստիարակութեան ժողովի համաշխարհային գիտաժողովը։


(Ռատիօ Վատիկան) Վատիկանեան Բ տիեզերական ժողովէն ետք Եկեղեցին մշտատեւ իր սատարն ու յանձնառումը բերած է նոր սերունդներու դաստիարակութեան ծիրէն ներս իր բազմաթիւ կեդրոններու միջոցաւ նպաստելով հանդիպումի ու երկխօսութեան մշակոյթին եւ ունենալով որպէս հեռանկար` հասարակութեան բարիքը։

Կաթողիկէ եկեղեցւոյ առաքելութեան առանցքն է փոխադարձ ճանաչումի մթնոլորտը հիմնուած ապրուած արժէքներու վրայ։ Այդ ուղղութեամբ Կաթողիկէ Դաստիարակութեան Ժողովը կը կազմակերպէ համաշխարհային գիտաժողով մը, որուն կը մասնակցին աշխարհի չորս ծագերէն եկած մասնագէտներ ամբողջական պատկեր մը ունենալու քրիստոնեայ հասարակութեան բերած սատարին կրթական զանազան պայմաններու մէջ։

Համաշխարհային գիտաժողովը տեղի կ՛ունենայ 18-21 Նոյեմբեր 2015 եւ ունի աշխատանքային երեք վայրեր` բացումը ու եզրափակումը տեղի կ՛ունենան Վատիկանի Պօղոս Զ անուան սրահին մէջ։

Գլխաւոր նիստը տեղի կ՛ունենայ 19-20 Նոյեմբեր 2015 Քասթել Կանտոլֆոյի Մարիափոլի կոչուած կեդրոնին մէջ, նուիրուած Համալսարանի ու Դպրոցի։ Միջամտութիւնները կը կեդրոնանան հետեւեալ 3 նիւթերու վրայ. Կաթողիկէ կրթական հաստատութիւններու ինքնութիւնն ու առաքելութիւնը, դաստիարակութեան ենթակաները ու դաստիարակիչներու կազմաւորումը։  

Բացման նիստը կը սկսի չորեքշաբթի  18 նոյեմբերի յետմիջօրէին, Կաթողիկէ Դաստիարակութեան Ժողովի կառավարիչի ողջոյնի խօսքով ապա զեկոյց կ՛ունենայ կրօնաւորներու ու առաքելական կեանքի ժողովի կառավարիչը։

Համաշխարհային գիտաժողովի նիւթն է. ''Դաստիարակել այսօր ու վաղը, սէր մը որ կը կրկնուի։

Շաբաթ 21 Նոյեմբերին ժողովականները, Հռոմի կաթողիկէ դպրոցներու համալսարաններու ներկայացուցիչներու հետ, միատեղ պիտի գտնուին Պօղոս Զ անուան սրահին մէջ եզրափակելու իրենց աշխատանքը Ֆրանչսիկոս Սրբազան Քահանայապետի մասնակցութեամբ։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.