2015-11-18 11:12:00

Առողջապահական գործիչներու Քահանայապետական խորհուրդի 30-րդ միջազգային գիտաժողովը։


(Ռատիօ Վատիկան) 19-21 նոյեմբերին, Վատիկանի Սիւնհոդոսական նոր դահլիճին մէջ,  տեղի կ՝ունենայ առողջապահական գործիչներու Քահանայապետական խորհուրդին 30-րդ միջազգային գիտաժողովը, որուն  խորագիրն է  ՝՝առողջապահութեան մշակոյթը ու հիւրընկալութիւնը  մարդու ու  երկրագունդի ծառայութեան ի սպաս։՝՝

 Վերոնշեալ գիտաժողովին  իրենց նպաստը կը բերեն աշխարհի 5 ցամաքամասերէ  ժամանող կաթողիկէ եւ ոչ կաթողիկէ անուանի մասնագէտներ, որոնք իրենց  կատարած մէջբերումներով առիթ պիտի ընծայեն  միջ -մշակութային եւ միջ - կրթական մօտեցում կատարել, կենսոլորտային հարցելուն շուրջ, մասնաւորապէս  ''Գովեալ Ըլլաս'' Ֆրանչիսկոս Պապի  շրջաբերական թուղթին մէջ ընդգծուած կենսոլորտային հարցերուն։

 Գիտաժողովին բացումը կը կատարէ վերոնշեալ քահանայապետական խորհուրդի նախագահ  Գերապայծառ Զիմկունդ Զիմովսքին որ ընդհանուր ակնարկ կը ներկայացնէ   քահանայապետական  խորհուրդի  30 տարիներու ընթացին կատարած  գործունէութիւններու մասին։։

Գիտաժողովի  ընթացքոն ելոյթ կ՝ունենան նաեւ գերապայծառ Մարչելօ Սանչեզ Սորոնտօ՝ Քահանայապետական գիտութիւններուն  ակադեմիայի քարտուղար , Գերապայծառ Մարիօ Էտուարտօ Վիկանօ, Քահանայապետական հաղորդամիջոցներուն ընդհանուր քարտուղարը։ 

 








All the contents on this site are copyrighted ©.