2015-11-17 11:35:00

Ֆրանսա կը շարունակէ Ռաքքայի ռմբակոծումը։


Ֆրանսական օդուժը վերջին օրերու ընթացքին արդէն երրորդ անգամ օդային հարուածներ  կը հասցնէ սուրիական Ռաքքա քաղաքի «Իսլամական պետութիւն» (ISIS) ահաբեկչական խմբաւորման դիրքերու ուղղութեամբ: «Մետիամաքսը»-ը՝ վկայակոչելով NBC News-ը:

Ռաքքան ահաբեկչական խմբաւորման հռչակած «խալիֆայութեան» «մայրաքաղաքն» է: Խոցուած կէտերու մասին մանրամասնութիւններ դեռ չեն հաղորդուիր:

Փարիզի մէջ Նոյեմբեր 13-ին տեղի ունեցած ահաբեկչական յարձակումներէն ետք` Նոյեմբեր 15-ի,  ֆրանսական օդուժը սկսած է օդային հարուածներ հասցնել Ռաքքայի ուղղութեամբ` լուրջ վնասներ հասցնելով «Իսլամական պետութեան» դիրքերուն:

Յիշեցնենք, որ մինչ այդ Ֆրանսան ԱՄՆ-ի գլխաւորած միջազգային դաշնակից ուժերու կազմին մէջ օդային հարուածներ կը հասցնէր ահաբեկիչներու դիրքերուն Իրաքի մէջ:








All the contents on this site are copyrighted ©.