2015-11-17 09:50:00

Ֆրանսա ահաբեկչութեան դէմ դաշինքը ընդարձակելու կոչ կ՛ընէ


ՓԱՐԻԶ, «Ռոյթըրզ».- Ֆրանսայի իշխանութիւնները Կիրակի օր յայտարարեցին, որ բացայայտած են ինքնութիւնը Փարիզի մէջ անձնասպանական գործողութիւններու հեղինակներէն մէկուն, որ ֆրանսական հպատակութեան տէր անձ է եւ ծագումով՝ ալճերիացի, մինչ Երկուշաբթի օր հաղորդուեցաւ, թէ յարձակումները համակարգած անձը շատ հաւանաբար Պելճիքա ապրող մարոքցի մըն է։ Յայտնաբերուած է նաեւ Փարիզի մէջ յարձակումները գործողներուն օգտագործած ինքնաշարժ մը, որուն մէջ կային քանի մը գնդացիրներ: Փարիզի եւ Ֆրանսայի ամբողջ տարածքին արդէն իսկ բազմաթիւ կասկածելիներ ձերբակալուած են: Ձերբակալութիւններ տեղի ունեցած են նաեւ Պելճիքայի մէջ։
Ֆրանսայի խորհրդարանի անդամ Ժան Փիեռ Կուրժ, ֆրանսական «Լը Մոնտ» թերթին յայտնած է, որ հետաքննութիւնները ցոյց տուած են, թէ ահաբեկիչներէն մէկը 2013-2014 ձմրան ընթացքին ամիսներով մնացած է Սուրիա, ուր մուտք գործած է Թուրքիոյ ճամբով: Ֆրանսական լրատուամիջոցները հաղորդած են նաեւ, որ 129 զոհ խլած յարձակումներուն հեղինակներէն երեքը Ֆրանսայի քաղաքացիներ են:
Նաեւ, Երկուշաբթի օր, երկրին մէջ արտակարգ վիճակ հռչակած Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտ կոչ ըրաւ ահաբեկչութեան դէմ դաշինքը ընդարձակելու եւ աւելցուց, թէ այս նպատակով յառաջիկայ քանի մը օրերուն հանդիպումներ պիտի ունենայ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։
Կիրակի կէս գիշերին, Ֆրանսայի պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարած էր, որ ֆրանսական 10 ռազմական օդանաւեր յարձակումներ գործած են հիւսիսային Սուրիոյ Ռաքքա քաղաքին մէջ գտնուող «Իսլամական պետութեան» դիրքերուն վրայ՝ միաժամանակ նշելով, որ օդանաւակիր մը ճամբայ ելած է դէպի Միջերկրական, եւ պիտի եռապատկէ այդ շրջանին մէջ գտնուող ֆրանսական ռազմական օդանաւերուն թիւը։ Ռմբակոծուած դիրքերուն մէջ կան հրամանատարութեան կեդրոն, զինավարժութեան կայան, զինանիւթի շտեմարան եւ քարիւղի շտեմարաններ։
Նաեւ, Ֆրանսայի իշխանութիւնները Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներու ներքին գործոց եւ արդարադատութեանց նախարարները հրաւիրեցին արտակարգ ժողովի մը, որ տեղի պիտի ունենայ Նոյեմբեր 20ին, քննարկուող ապահովական միջոցառումներու գործադրութեան կշռոյթը արագացնելու համար:
Միւս կողմէ, Կիրակի օր Ֆրանսայի մէջ նոր ողբերգութիւն մը արձանագրուեցաւ, երբ սրընթաց «Թէ.Ժէ.Վէ.» տիպի գնացքը երկաթուղիէն դուրս եկաւ Սթրազպուրկի մօտ գտնուող քաղաքին մօտ: Այդ պատճառով արձանագրուած է առնուազն 7 զոհ եւ 11 վիրաւոր։








All the contents on this site are copyrighted ©.