2015-11-17 10:21:00

Քոլոմպիա - Ամազոնեան պահպանել ֆրանչիսկոս Պապի 'Laudato Si' շրջաբերական թուղթի լոյսով։


(Ռատիօ Վատիկան) ֆրանչիսկոս Պապի ''Laudato Si'' շրջաբերական թուղթը ունի որպէս հիմ Արարչագործութեան պահպանումը։ Այդ շրջաբերական թուղթէն ներշնչուած Համա-Ամազոնեան Եկեղեցական ցանցը այս ուղղութեամբ հանդիպում մը կազմակերպած է Պոկոթայի մէջ։

Հանդիպումին կը մասնակցին 25 կարդինալներ, 80 եպիսկոպոսներ ու կրօնաւորներ եւ աւելի քան 100 կրօնուսոյցներ ու զանազան ցեղերու ներկայացուցիչներ վերլուծելու ամազոնեան իրավիճակը ու պատշաճ պատասխան մը տալու մայր-բնութեան  պաշտպանութեան։

Նշենք որ Ամազոնեան հողամասը թիրախ է աւերումի ու սպառնալիքի արտահանումի միջազգային մեծ ծրագիրներէն ու մէկ տեսակի հողամշակումի չարաշահութենէն։

Պրազիլի կարդինալը Քլուատիօ Հումմէս իր ելոյթին մէջ բացայայտեց որ Ամազոնով հետաքրքրուիլ բարոյական հարց մըն է, քանի ամէնքը մեծ պատասխանատուութիւն ունին հանդէպ ապագայ սերունդին, ինչպէս նաեւ կրօնական պատասխանատուութիւն մըն է քանի Աստուած մեզի պարգեւեց աշխարհը պահպանելու, մշակելու եւ ոչ թէ կործանելու։

Համա-Ամազոնեան Եկեղեցական ցանցին նպատակն է գիտակցութիւն ստեղծել Ամազոնայի կարեւորութեան նկատմամբ ու ներկայացնել  բարգաւաճումի տիպար մը ի շահ աղքատներուն ու հասարակաց բարիքին։

Ամազոնը 7 միլիոն քլմդր. տարածութիւն ունի, շրջապատուած 9 երկիրներէ։ Այդ հողամասին վրայ կ՛ապրին 40 միլիոն անհատ, որոնց 3 միլիոնը 390 ցեղախումբի պատկան բնիկներ են եւ կը խօսին 240 բարբառ։

Կարդինալ Թուրքսոն` նախագահը արդարութիւն եւ խաղաղութիւն քահանայապետական խորհուրդին, մամուլին հետ ունեցած ելոյթով ըսաւ հարկաւոր է յանուն մարդկային արժանաւորութեան լաւագոյնս մատակարարել Ամազոնի բնական հարստութիւնը եւ աշխատիլ շրջանի բարգաւաճումի ի խնդիր։   








All the contents on this site are copyrighted ©.