2015-11-17 12:28:00

Սկիզբ Վատիկանի Ս. Պետրոս հրապարակի մսուրի կառուցման աշխատանքներուն։


(Ռատիօ Վատիկան) 2015-ի Յիսուսի ս. Ծնունդը վերակոչող Ս. Պետրոս հրապարակի մսուրի կառուցման աշխատանքները սկիզբ առին 12 Նոյեմբերին­,  Յիսուսի ս. Ծննդեան տօնէն 40 օր առաջ։ Մսուրի կառուցման եւ ծննդեան տօնածառի զետեղման աշխատանքները կ՛աւարտին յառաջիկայ 8 դեկտեմբերին, ի տես, Անարատ Յղութեան Տօնին առթիւ, Ողորմութեան Յոբելենական Սուրբ տարւոյն հանդիսաւոր բացման արարողութեան։

Այս տարուայ մսուրը նուէրն է Իտալիոյ Թրենթինօ- Ալթօ Ատիճէ մարզին։ Մսուրին մէջ պիտի զետեղուին մարդու հասակով 24 արձաններ որոնց մէկ արձանը կը պատկերացնէ ողորմութիւնը` Մարդ մը որ ծերունիի մը օգնութեան կը հասնի։

Մինչ ծննդեան տօնածառը նուէրն է Պավիերայի։ 32 մեթր բարձրութեամբ ծառը Հռոմ կը հասնի 18 եւ 19 նոյեմբերի գիշերը ու կը զետեղուի Վատիկանի Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ։

Յառաջիկայ 18 դեկտեմբեր 2015-ին Մսուրն ու Տօնածառը նուիրող մարզի եւ քաղաքի պատուիրակութիւնները պիտի ընդունուին Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի կողմէ։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.