2015-11-17 09:19:00

Ռացինկերի նուիրուած մատենադարանի բացում


(Ռատիօ Վատիկան)  18 Նոյեմբեր 2015-ին, Կարդինալ Ճանֆրանքօ Ռավազի` նախագահը մշակոյթի քահանայապետական խորհուրդին պաշտօնապէս բացումը կը կատարէ Ռացինկերի անուան նուիրուած մատենադարանին։

Կարդինալ Ռավազի այս առթիւ կ՛արտասանէ զեկոյց մը որուն բնաբանն է. ''Աստուածաշունչէն մատենադարան'' Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը եւ Աստուծոյ խօսքին մշակոյթը''։

Մատենադարանը ամբողջովին նուիրուած է Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին կեանքին ու անոր մտածումին` որպէս ուսումնասէր եւ որպէս Քահանայապետ։

Մատենադարանը կը գտնուի Վատիկանի գերմանական  քահանայապետական դպրեվանքին մէջ։ Բացման արարողութեան մասնակցողները կարելիութիւն պիտի ունենան այցելելու Ռացինկեր մատենադարանն ու գերմանական դպրեվանքը։








All the contents on this site are copyrighted ©.