2015-11-17 09:26:00

Կարդինալ Փարոլինի զեկոյցը ­Ֆրանսական ''Լա Քրուա'' պարբերաթերթին հետ։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Ահաբեկչութեան չարիքը արմատախիլ ընելու համար հարկաւոր է հրաւիրել ազգային եւ միջազգային քաղաքական ու կրօնական պատասխանատուները զօրաշարժի'' ըսաւ Ս. Աթոռի պետական քարտուղար` կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին 15 Նոյեմբերին ֆրանսական La Croix օրաթերթին հետ ունեցած ելոյթի ընթացքին։

Յայտնենք որ Վատիկանի թիւ երկու անձնաւորութիւնը նեցուկ կեցած է, ՄԱԿի կողմէ օրինաւորուած Սուրիոյ մէջ կատարուող զինեալ միջամտութիւններուն, որովհետեւ կարելի չէ հանդուրժել կոյր բռնութիւնը։

Կարդինալը հակազդելով Փարիզի ահաբեկչական արարքներուն  ըսաւ թէ ''հարկաւոր է զօրաշարժի հրաւիրել  անվտանգութեան բոլոր միջոցները, արմատախիլ ընելու ահաբեկչութեան չարիքը'' ու նշեց թէ ''նոյնպէս կարեւոր է որ հոգեւոր բոլոր աղբիւրները դրական պատասխան մը տան չարիքին` ատելութեան մերժումի դաստիարակութեամբ ու ''ժիհատի'' պատերազմի գացող երիտասարդներուն պատասխաններ տալով։ Առանց այս երկու իրականութիւններու` զինուորական թէ հոգեւոր միութեան, ըսաւ կարդինալը­, կարելի չէ յաղթել այս յոյժ վտանգալից պայքարը որուն պէտք են մասնակցիլ նաեւ իսլամ դերակատարները։

Կարդինալ Փարոլին անդրադարձաւ ապա  անցեալ օգոստոս 2014-ին ամերիկացիներու Իրաքի ռմբակոծումներուն մասին ֆրանչիսկոս Պապի յայտարարութեան որուն մէջ Ան ըսած էր ''արդար է կեցնել անարդար յարձակողը''։ ''Վատիկանը նոյն դիրքն ունի Սուրիոյ համար` իսլամական պետութեան դէմ, որովհետեւ կարելի չէ հանդուրժել կոյր բռնութիւնը'' ըսաւ կարդինալ Փարոլին։ 

Ս. Աթոռի պետական քարտուղարը ապա դիտել տուաւ թէ ինք գիտակից է թէ Վատիկանը կրնայ թիրախ դառնալ ահաբեկչութեան իր կրօնական նշանակութեան համար, սակայն այս չի կրնար պատճառ հանդիսանալ որ յանուն ապահովութեան, սահմանափակուին  Քահանայապետին գործունէութիւնները։

Ողորմութեան Յոբելեանը արդարեւ յարմար ժամանակին կը հասնի, պահն է ողորմութեան հրաւիրելու մարդկային ցեղը։ Հասկնալի է որ մահափորձերէն ետք ոխակալութեան զգացումը կը գերակշռէ, սակայն հարկաւոր է նուաճել այս զգացումը։ ''Ողորմած'' անունը մահմետականներու համար Աստուծոյ ամենէն գեղեցիկ անունն է, որ կարելի է կցորդել այս սուրբ Տարուան, ինչպէս ուզած է ֆրանչիսկոս Քահանայապետը։   








All the contents on this site are copyrighted ©.