2015-11-17 13:14:00

17 յունուար 2016-ին Ֆրանչսիկոս Պապ կ՛այցելէ Հռոմի հրեաներու ''Աւագ Տաճարը''։


(Ռատիօ Վատիկան) Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի հրատարակած մէկ հաղորդագրութիւնը կը նշէ թէ Հռոմի Հրեայ Համայնքի Րաբունապետի հրաւէրով, Ֆրանչսիկոս Սրբազան Քահանայապետը, յառաջիկայ 17 յունուար 2016-ի յետմիջօրէին պաշտօնական այցելութիւն պիտի տայ Հռոմի  հրեաներու ''Աւագ Տաճարին'' հանդիսանալով երրորդ քահանայապետը որ կ՛այցելէ սոյն վայրը, իր նախորդներուն Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ  եւ Վաստակաւոր Քահանայապետ Պենետիկտոս ԺԶ էն ետք։

Այցելութիւնը պիտի յատկանշուի Ֆրանչիսկոս Պապին եւ Հրէութեան ներկայացուցիչներուն ու հաւատացեալներուն  միջեւ հանդիպումով։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.