2015-11-16 10:00:00

Ֆրանչիսկոս Պապ այցելեց Հռոմի Աւետարանական Լիւթերական Եկեղեցին։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի 15 նոյեմբեր 2015-ի յետմիջօրէին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը այցելեց Հռոմի Աւետարանական Լիւթերական Եկեղեցին ուր մասնակցեցաւ կիրակնօրեայ պաշտամունքին ու հանդիպում ունեցաւ հաւատացեալներուն հետ։

Այս առթիւ արտասանած խօսքին մէջ Սրբազան Քահանայապետը անդրադարձ կատարեց օրուան սուրբ գրային ընթերցումներուն ու ակնարկեց Յիսուսի որոշումներուն ու անոր տուած ուղղութիւններուն եւ ուսուցումներուն առակներու ընդմէջէն։

Աղքատութիւնը Աւետարանին կեդրոնն է, ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը, Յիսուս ըլլալով հարուստ դարձաւ աղքատ մեզ հարստացնելու համար իր աղքատութեամբ. Իր կեանքը տուաւ մեր փրկութեան համար մինչեւ Խաչին վրայ իր մահով եւ ծառայութեան իր ընտրանքով։ Քահանայապետը ապաւ հարց տուաւ. ''մենք մեր կեանքը ի՞նչպէս կ՛ապրինք,­ մեզի` կամ ծառայութեան համար։ Մենք լիւթերականներս, կաթողիկէներս ո՞ւր կը գտնուինք, ձախ կամ աջ կողմը''։

Մտաբերենք մեր միջեւ ծագած հարցերը, մէկը միւսին դէմ գործադրած հալածանքները, թէեւ ունինք միեւնոյն մկրտութեան շնորհքը։ Մտաբերենք այն անձերը որոնք ողջ ողջ հրկիզուեցան։ Ներողութիւն խնդրենք այս բաներուն համար, եւ բաժանումի գայթակղութեան համար, որովհետեւ ամէնքս` լիւթերականներ եւ կաթողիկէներ կը քալենք Յիսուսի մեզի յայտնած ծառայութեան ճանապարհն վրայ, ըսաւ Սրբազան Հայրը ու խօսքը եզրափակեց հայցելով բազմազանութեան համերաշխութեան շնորհքը Տիրոջ մէջ։

Սրբազան Հայրը ապա պատասխանելով իրեն ուղղուած մի քանի հարցումներուն անդրադարձ կատարեց Փարիզի ահաբեկչական արարքներուն հաստատելով թէ այնտեղ Աստուծոյ անունը գործածուեցաւ փակելու համար սրտերը։ Իսկ մատնանշելով երկու եկեղեցիներու միջեւ միութեան Սրբազան Հայրը հաստատեց թէ եթէ ունինք միեւնոյն մկրտութիւնը պէտք ենք միասին քալել  ու թէ այս մէկը մաս կը կազմէ աստուածաբանական երկխօսութեան ընթացքին որ պէտք է տայ իր պտուղները մինչ մանուկի մը հարցումին թէ ''Ո՞րն է քահանայապետութեան գեղեցկութիւնը''  Ֆրանչիսկոս Պապ պատասխանեց. Որպէս Քահանայապետ կը սիրեմ ապրիլ ժողովրդապետի նման` որպէս ծառայութիւն։ Ես երջանիկ եմ երբ կ՛այցելեմ հիւանդները երբ կը խօսիմ յուսալքուած անձերուն հետ, երբ կը հանդիպիմ բանտարկեալներուն։

Ֆրանչիսկոս Պապ  ապա հրաւէր ուղղեց լիւթերական եկեղեցւոյ համամիութեան հաղորդութեան միջոցաւ ընկերանալու կաթողիկէներուն` Ողորմութեան Յոբելինական սուրբ տարւոյն ընթացքին, վերագտնելու համար Աստուծոյ ներումը եւ եղբայրներու սիրոյ գեղեցկութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.