2015-11-16 10:22:00

Ինքնատիոս Եփրեմ Բ. ''Քրիստոնեաներու ներկայութիւնը Սուրիոյ մէջ վտանգուած է''։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Արտերկրէն եկած ահաբեկչութեան ու ծայրայեղութեան ծաւալումին պատճառաւ,  քրիստոնեաներու ներկայութիւնը Միջին Արեւելքին մէջ հալածանքի ենթարկուած է'' այս ահազանգը հնչած է Ասորի օրթոտոքս պատրիարքը` գերերջանիկ Ինքնատիոս Եփրեմ Բ` Մոսկուա կատարած այցելութեան ընթացքին, Համայն Ռուսիոյ Պատրիարք Կիւրեղ Ա-ին հետ ունեցած հանդիպումի աւարտին` 10 Նոյեմբեր 2015-ին։

Ան մամուլին հետ ունեցած ելոյթով ոգեկոչեց ասորիներու ցեղասպանութեան 100-ամեաը, մատնանշելով որ 100 տարիներ առաջ Ասորի եկեղեցւոյ բազմաթիւ ներկայացուցիչներ Ռուսիա ապաստան գտան փախուստ տալով թուրք դահիճի ձեռքէն։ Պատրիարքը շնորհակալութիւն յայտնեց ռուս եկեղեցւոյ ու պետութեան ցուցաբերած զօրակցութեան Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն հանդէպ։

Ասորիներուն պատրիարքը ընդգծեց որ Սուրիոյ ու Իրաքի բնակիչներու մեծ մասը, իսլամ թէ քրիստոնեայ, երախտապարտ է Ռուսիոյ զինուորական միջամտութեան համար։ ''Իմ գնահատումով Սուրիոյ քրիստոնեաներուն 40 տոկոսը արտահան եղած է'' ըսաւ Պատրիարքը ցաւ ի սրտի եւ աւելցուց, ''Ներկայ Սուրիոյ քրիստոնեաներուն տառապանքը համահաւասար է Եկեղեցւոյ արշալոյսի առաջին քրիստոնեաներու իրավիճակին, այն տարբերութեամբ որ հռոմէացի հեթանոսները չէին քանդեր քրիստոնեաներուն տուներն ու գիւղերը, մինչ այսօրուայ քրիստոնէութեան թշնամիները կը քանդեն բնակարաններ, գիւղեր եւ աղօթատեղիներ ու անմեղ բնակիչներ իրենց ծննդավայրէն կ՛արտաքսեն։








All the contents on this site are copyrighted ©.