2015-11-16 09:24:00

Թուրքիոյ Անթալիա քաղաքին մէջ ընթացք առաւ քսաններու խմբակի վեհաժողովը


Կիրակի, 15 նոյեմբերին, Թուրքիոյ Անթալիա քաղաքին մէջ ընթացք առաւ Քսաններու խմբակի վեհաժողովը, որուն կը նախագահէ Էրտողան եւ որուն կը մասնակցին Միացեալ Նահանգներու, Ռուսիոյ, Չինաստանի, Սէուտական Արաբիոյ, Բրիտանիոյ եւ Եւրոպական Միութեան ղեկավարները, սակայն անկէ կը բացակայի Ֆրանսան:

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա եւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան երէկ Անթալիոյ «Ռեկնում» պանդոկին մէջ առաւօտեան ժամը 10:40-ին ունեցան հանդիպում մը, որուն աւարտին տեղի ունեցած միացեալ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Էրտողան յայտնեց, որ 10 հոկտեմբերին Անգարայի մէջ եւ 13 նոյեմբերին Փարիզի մէջ տեղի ունեցած յարձակումները ցոյց կու տան, թէ ահաբեկչութեան վտանգը ընդհանուր է:

Օպամա գովաբանեց Թուրքիան` Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ ՏԱՀԵՇ-ի վտանգի դիմակայման մէջ «կարեւոր դաշնակից» մը ըլլալուն համար, ինչպէս նաեւ երկու միլիոն տեղահանուածներ հիւրընկալելուն համար:

Միացեալ Նահանգներու նախագահը նաեւ յայտարարեց. «Մենք` ՕԹԱՆ-ի անդամներս, Թուրքիոյ աջակցութիւն պիտի տրամադրենք ընդդէմ ահաբեկչական շարժումներուն, ինչպէս ՏԱՀԵՇ-ի եւ ուրիշներուն»:








All the contents on this site are copyrighted ©.