2015-11-15 12:49:00

Ֆրանչիսկոս Պապ ''Աստուծոյ անունով ոճիրներ արդարացնելը հայհոյանք է''։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի` 15 նոյեմբեր 2015-ի կէսօրին, Ֆրանչիսկոս Պապ իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը որուն ընթացքին մեկնաբանեց օրուան սուրբ գրային ընթերցումը որ քաղուած էր Մարկոսի աւետարանէն ուր կը խօսուի Մարդու Որդիին երկրորդ գալստեան մասին ''Արեւը պիտի խաւարի, լուսինը պիտի նսեմանայ։ Աստղերը երկինքէն պիտի թօթափին եւ երկնային զօրութիւնները պիտի սասանին''։

''Յիսուսի այս ճարին կեդրոնը նոյնինքն Յիսուսն է, մերած եւ յարութիւն առած խորհուրդը'' ըսաւ Սրբազան Հայրը յայտնելով թէ մեր վերջնական նպատակն է Յարուցեալ Յիսուսին հետ հանդիպումը ու թէ կանչուած ենք ներկան ապրելու կառուցելով մեր ապագան Աստուծոյ վրայ վստահութեամբ։ Յիսուս ոչ միայն մեր ուխտագնացութեան նպատակակէտն է յայտնեց Ֆրանչիսկոս Պապը այլեւ Ան կ՛ապրի ու ներկայ է մեր երկրային կեանքին մէջ։ Ան մեզ կը հրաւիրէ ըլլալու արթուն եւ հսկելու որպէսզի բանտարկուած չմնանք աշխարհիկ եւ ներկայ ժամանակին մէջ։

Մեր օրերուն եւս չեն պակսիր բնական եւ բարոյական աղէտներ, յարեց ապա Քահանայապետը խորհրդածութեան աւարտին ու հաստատեց թէ այս ամէնը անցողակի են եւ թէ Միայն ''Բանն'' է որ կը մնայ որպէս լոյս` որ կ՛առաջնորդէ,ու հայցեց Մարիամի բարեխօսութիւնը որպէսզի մեզ օգնէ վստահելու Յիսուսին` որ է մեր կեանքի ամուր հիմը։ 

Սրբազան Քահանայապետը արտասանեց ապա Մարեմեան աղօթքը որմէ ետք ողջոյնի խօսք ուղղեց Սուրբ Պետրոսի հրապարակը համախմբուած հաւատացեալներուն դարձեալ իր խոր ցաւը յայտնելով անցեալ ուրբաթ երեկոյեան Փարիզի մէջ տեղի ունեցող ահաբեկչական արարքներուն ի տես որոնք պատճառեցին բազմաթիւ զոհեր։

Ֆրանչիսկոս Պապը  ցաւակցութիւն յայտնեց Ֆրանսայի հանրապետութեան նախագահին ու բնակչութեան յատկապէս անոնց որոնք իրենց սիրելիները կորսնցուցին եւ որոնք վիրաւորուած են։

Այս բարբարոսութիւնը  մեծ վիշտ կը պատճառէ - ըսաւ Սրբազան Հայրը հարց տալով թէ ինչպէս կարելի է որ մարդու սիրտը այսպիսի ահռելի իրադարձութիւններ իրագործէ որոնք ոչ միայն ցնցեցին Ֆրանսան, այլեւ` համայն աշխարհը։

Այս անասելի ներգործութիւններուն ի տես կարելի չէ չդատապարտել մարդ արարածի արժանապատուութիւնը վիրաւորող արարքը ըսաւ Սրբազան Հայրը ու հաստատեց թէ բռնութեան եւ ատելութեան ճանապարհը չի կրնար լուծել մարդկութեան հարցերը ապա բացագանչեց թէ ''Աստուծոյ անունով ոճիրները արդարացնելը հայհոյանք մըն է''։

Ֆրանչիսկոս Պապ  հուսկ հրաւիրեց հաւատացեալները աղօթելու ահաբեկչական արարքին զոհ բոլոր անձերուն համար խնդրելով Սուրբ Աստուածածնայ հովանին ու անոր պաշտպանութիւնը։

Սրբազան Հայրը ողջունելէ ետք հրապարակը համախմբուած զանազան խումբերը հրաժեշտ առաւ բոլորէն մաղթելով բարի կիրակի ու խնդրելով որ աղօթեն իրենց համար։

Յայտնենք թէ Նորին Սրբութիւնը Կիրակի 15 նոյեմբերի յետմիջօրէին կ՛այցելէ Հռոմի Լիւթերական աւետարանական եկեղեցին ուր եւ կը մասնակցի կիրակնօրեայ պաշտամունքին։

Նշենք թէ ֆրանչիսկոս Պապէն առաջ Լիւթերական աւետարանական եկեղեցին այցելած են նաեւ Պենետիկտոս ԺԶ Պապը` 14 Մարտ 2010-ին եւ սուրբ ՅՊԲ Պապը` 11 Դեկտեմբեր 1983-ին։








All the contents on this site are copyrighted ©.