2015-11-14 09:23:00

Ֆրանչիսկոս Պապին կսկիծը Փարիզի ահաբեկչական արարքներուն ի լուր։


(Ռատիօ Վատիկան) Փարիզի մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչական գործողութիւններուն ի լուր, շաբաթ, 14 նոյեմբերին, Վատիկանի մամլոյ գրասենեակի ընդհանուր Տնօրէն Հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտին, հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով, յայտնեց թէ ''Ֆանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ հիասթափութեամբ  տեղեկացաւ Փարիզի մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչական գործողութիւններուն լուրը'', ու հաստատեց թէ ''Վատիկանը կսկիծով կը հետեւի ցաւալի լուրերուն''։

''Վրդոված ենք` այս խելագար ահաբեկչական բռնութեան եւ ատելութեան դրսեւորումին ի տես  որ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին հետ ու խաղաղութիւնը սիրող բոլոր անձերուն հետ միասին խստիւ կը դատապարտենք'' - ըսաւ Հայր Լոմպարտին յայտնելով թէ ''կ՝աղօթենք զոհերուն, վիրաւորներուն ու բովանդակ Ֆրանսայի ժողովուրդին համար''։

''Այս մէկը  հարուած մըն է  համայն մարդկութեան խաղաղութեան դէմ  որ կը պահանջէ  մեր բոլորին կողմէ, վճռակամ եւ զօրակցական արձագանք,  հակազդելու մարդկային ոճրագործութեան ատելութեան տարածումին իր բոլոր ձեւերով'' նշեց Վատիկանի մամլոյ գրասենեակի ընդհանուր Տնօրէնը։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.