2015-11-14 13:33:00

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Յիսուսեաններու գաղթականներու ի սպաս հաստատութեան անդամները


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ, 14 նոյեմբերի առաւօտեան, Վատիկանի Քլեմենթինա սրահին մէջ, Ֆրանչիկսոս Պապ ունկնդրութիւն շնորհեց,  Յիսուսեան Միաբանութեան գաղթականներու ի  սպաս կազմակերպութեան անդամներուն, որոնք կը նշեն հաստատութեան հիմնարկութեան 35-րդ ամեակը։

Այս առթիւ անոնց ուղղած պատգամին Նորին Սրբութիւնը  ակնարկելով  Յիսուսեաններու՝ գաղթականներու ի սպաս կազմակերպութեան  հիմնադիր՝ Հայր Փետրօ Արուփեյին,  յարեց՝ թէ ան  ականատես եղած է Վիէթնամի ժողովուրդի տառապանքին, եւ փորձարկելով  Հիրոշիմայի աթոմական պայթումէն  յառաչացած անթիւ գաղթականներուն հոսանքը,  հիմնած է սոյն կազմակերպութիւնը որպէս մարտահրաւէր զոր Յիսուսեանները չէին կրնար անտեսել,  հաւատարիմ մնալով իրենց կոչումին։

 Ֆրանչիսկոս Պապ ապա  ընդհանուր անդրադարձ կատարեց, ներկայիս աշխարհիս մէջ գաղթականներու թիւին աճումի  երեւոյթին մասին, յայտնելով թէ ՄԱԿ-ի գաղթականներու գրասենեակի յանձնակատարի գնահատումով, աշխարհի մէջ գոյութիւն ունին աւելի քան 60 միլիոն գաղթականներ։ Ան ապա բարձր գնահատեց՝ Յիսուսեան Միաբանութեան 45 երկիրներուն մէջ գաղթականներուն ի սպաս ծառայութիւնը , ինչպէս նաեւ Յիսուսեաններու հաւատարմութիւնը,  իրենց  հիմնադրին՝ երեք բարձր գաղափարականներուն նկատմամբ` առաջնորդել, ծառայել եւ պաշտպանել գաղթականներուն իրաւունքները։

Ֆրանչիսկսոս Պապ բարձր արժեւորեց նաեւ՝  դաստիարակչական ծառայութեան մարզէն ներս գաղթականներուն մատուցուած Յիսուսեաններուն  ծառայութիւնը։ 

''Մանուկներուն՝ դպրոցական գրասեղան մը ապահովելը  անոնց շնորհուած ամենագեղեցիկ նուէրն է '' ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ աւելցնելով թէ անոնք՝ դասարաններուն մէջ, իրենց ուսուցիչներուն հետ իրենք զիրենք ապահով կը զգան։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա ակնարկելով,  Ողորմութեան Սուրբ Տարուան ծիրէն ներս,   հաստատութեան ՝ 100,000-է  աւելի գաղթական երիտասարդներուն, դպրոց յաճախելու  օժանդակութեան ձեռնարկի մասին, շնորհակալութիւն յայտնեց այս  ծրագրին  աջակցողներուն  եւ բարերարներուն։

Պատգամի աւարտին ֆրանչիսկոս Պապը քաջալերանքի խօսք ուղղեց ըսելով.

''մինչ՝ կը յարատեւէք, գաղթականներուն ի սպաս ՝ դաստիարակչական ծառայութեան մէջ, մտաբերեցէք  Սուրբ Ընտանիքը՝ Տիրամայրը , Սուրբ Յովսէփն ու Մանուկ Յիսուսը , որոնք Եգիպտոս գաղթեցին եւ  միշտ յիշեցէք Յիսուսի այս  խօսքերը, Երանի ողորմածներուն, որովհետեւ ողորմութիւն պիտի գտնեն։  ( Մատթ 5,7).








All the contents on this site are copyrighted ©.