2015-11-14 13:24:00

Յանուն Ֆրանչիսկոս Պապի Կարդինալ Փարոլինի ցաւակցական հեռագիրը Փարիզի Արքեպիսկոպոսին


(Ռատիօ Վատիկան) Փարիզի մէջ ահաբեկչական դէպքերուն ի լուր, շաբաթ 14 նոյեմերին,

Վատիկանի Պետական Քարտուղար՝ Կարդինալ Փարոլին, յանուն Ֆրանչիսկոս Պապի, ցաւակցական հեռագիր յղեց Փարիզի թեմի Արքեպիսկոպոս՝ Կարդինալ Անտրէ Վէն Թրուային։ Հեռագիրին մէջ Կարդինալ Փարոլին գրած է

“Ֆրանչիսկոս Պապ իմանալով Փարիզի մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչական ահռելի լուրերը, ուր զոհ գացած են տասնեակ մահացեալներ եւ շատ մը վիրաւորներ, աղօթքով կը միանայ  ընտանիքներուն տառապանքին,  ինչպէս նաեւ  Ֆրանսայի համայն ժողովուրդին վիշտերուն։

Նորին Սրբութիւնը Աստուծմէ՝ Ողորմութեան Հօրմէ կը հայցէ, որ զոհերը ընդունի իր խաղաղութեան եւ լոյսին մէջ, եւ մխիթարանք ու սփոփանք շնորհէ վիրաւորներուն եւ անոնց ընտանեկան պարագաներուն։

Ֆրանչիսկոս Պապ հոգեւոր մօտիկութիւն կը ցուցաբերէ բոլոր անոնց որոնք օգնութեան կը հասնին, անգամ մը եւս խստիւ դատապարտելով բռնութիւնները, որոնք ոչ մէկ լուծումի կրնան հանգեցնել, հայցելով Աստուծմէ՝ որ ներշնչէ ամէն խաղաղութեան եւ աջակցութեան խորհուրդները, եւ տառապող ընտանիքներուն ու բովանդակ Ֆրանսայի շնորէ Իր օրհնութիւնները։








All the contents on this site are copyrighted ©.