2015-11-14 12:04:00

Արամ Ա Կաթողիկոսին ցաւակցական նամակը Ֆրանսայի Նախագահին


Նորին Վսեմութիւն

Ֆրանսուա Հոլլանտ

Նախագահ Ֆրանսայի Հանրապետութեան

Փարիզ

Յարգելի՛ Պրն. Նախագահ,

Խոր ցաւով ու ընդվզումով երէկ գիշեր հետեւեցանք Փարիզի ահաբեկչական

դէպքերուն։ Արդարեւ, հաւաքական ահաբեկչութեան, այլ խօսքով՝ ցեղասպանութեան

ենթարկուած հայ ժողովուրդը ու հայ եկեղեցին գոյութենական փորձառութեամբ

գիտեն թէ ինչ կը նշանակէ անմեղ մարդոց արիւնը թափել։ Ահաբեկչութիւնը

համամարդկային չարիք մըն է, որուն դիմաց աշխարհի բոլոր կրօնները,

մշակոյթները, քաղաքակրթութիւնները ու ազգերը կոչուած են հաւաքական կեցուածք

որդեգրել զայն արմատախիլ ընելու մարդկային ընկերութենէն։

Կը դատապարտենք Փարիզի ոճիրը. կը բաժնենք Ձեր ցաւն ու ընդվզումը եւ կը

զօրակցինք հայ ժողովուրդին երկար դարերու բարեկամ ու մարդկային գերագոյն

արժէքներու հաւատարիմ՝ ֆրանսացի ժողովուրդին։

Կ’աղօթենք ահաբեկչական արարքներուն զոհ գացած անմեղներ հոգիներուն

համար, եւ Մեր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնենք անոնց ընտանիքներուն։

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ








All the contents on this site are copyrighted ©.