2015-11-14 09:03:00

«Կրօնական փոքրամասնութիւնները Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան մէջ» նիւթով մամլոյ ասուլիս։


Իսլամական խորհրդարանին մէջ կրօնական փոքրամասնութիւններու պատգամաւորներուն նախաձեռնութեամբ եւ Թեհրանի Հայոց թեմի Թեմական խորհուրդի համագործակցութեամբ, Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 10ին, կազմակերպուած էր մամլոյ ասուլիս մը «Կրօնական փոքրամասնութիւնները Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան մէջ» նիւթով:
Ազգային առաջնորդարանի դահլիճին մէջ կազմակերպուած մամլոյ ասուլիսին սկիզբը, որուն ներկայ էին մեծ թիւով լրագրողներ, Իսլամական խորհրդարանին մէջ Թեհրանի եւ հիւսիսային իրանահայութեան պատգամաւոր դոկտ. Կարէն Խանլարեան՝ խօսելով կազմակերպուած մամլոյ ասուլիսի նպատակներուն մասին, ըսաւ. «2014 թուականից սկսեալ, որոշ պետութիւններ համակարգուած ձեւով, որոնք ընդհանրապէս չեն մտահոգւում կրօնական փոքրամասնութիւնների ճակատագրով, փորձում են չարաշահել Իրանում կրօնական փոքրամասնութիւնների կարգավիճակը՝ իրենց քաղաքական յստակ նպատակների իրագործման համար: Նրանք փորձում են սխալ տեղեկատուութեամբ շանտաժի ենթարկել մեր սիրելի երկրին: Նկատի առնելով Իրանի ազգային շահերը, Իրանում կրօնական փոքրամասնութիւններս փորձում ենք, մեր հնարաւորութիւնների սահմանում, լուսաբանումներ տալով դիմակայել, քաղաքական այդ միտումներին: Ուստի, ԹՀԹ Թեմական խորհրդի հետ խորհրդակցաբար նախաձեռնեցինք այս ասուլիսը»:
Ասուլիսին արտայայտուողներէն էր Իսլամական խորհրդարանի հրեաներու պատգամաւոր դոկտ. Մորէ Սեդեղ: Ան նշեց, որ իւրաքանչիւր հասարակութիւն, որուն կարգին նաեւ իրանեանը, ունի իր դժուարութիւնները, սակայն այդ խնդիրները ունին իրանեան լուծումներ, որոնք կարելի է կարգաւորել նոյն ինքն այդ համակարգի շրջագիծին մէջ։
Իսլ. խորհրդարանի զրադաշտներու պատգամաւոր, դոկտ. Էսֆանդեար Էխթիարի իր արտայայտութիւններուն ընթացքին յայտնեց, որ բոլոր իրանցիները միացնող օղակը՝ իրանցի ըլլալն է, եւ այդ է Իրանի մէջ բոլոր իրանցիներուն խաղաղ գոյակցութեան պատճառը: Ան նշեց, որ ելլելով իրանեան մշակոյթի սկզբունքներէն, բոլորս կը յարգենք իրարու տարբերութիւնները եւ իւրայատուկ ուշադրութեամբ կը մօտենանք համընդհանրութիւններուն:
Իսլամական խորհրդարանի ասորիներու պատգամաւոր Եունաթան Բէթ Կոլիա կարեւորեց այն հանգամանքը, որ ասորիներու համաշխարհային միութեան կեդրոնը, որ կը գտնուի Միացեալ Նահանգներու մէջ, այսօր տեղափոխուած է Իրան, որովհետեւ Իրանի մէջ կրօնական փոքրամասնութիւններու նկատմամաբ իւրայատուկ ուշադրութիւն եւ յարգալից մօտեցում կը դրսեւորուի:
Ապա լրագրողներուն հարցերու առիթ տրուեցաւ: Անոնց հարցերը հիմնականին մէջ կեդրոնացած էին արտագաղթի երեւոյթին եւ կրօնական փոքրամասնութիւններու հասարակական ու իրաւական իրաւունքներու թեմային վրայ:
Թեհրանի Հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեան համապարփակ գիծերու մէջ անդրադարձաւ արտագաղթի երեւոյթին՝ նշելով, որ արտագաղթը միշտ ալ գոյութիւն ունեցած է մարդկային կեանքին մէջ, սակայն այսօր անիկա կը շահարկուի քաղաքական նպատակներով:
Թեմական խորհուրդի ատենապետ Ռուբիկ Կարապետեան դատապարտեց Միացեալ Նահանգներու արտգործնախարարութեան կողմէ վերջերս հրապարակուած սին յայտարարութիւնը, թէ միայն վերջերս կրօնական փոքրամասնութիւններուն առիթ տրուած է ունենալ իրենց կեդրոնները, եւ մանրամասնօրէն անդրադարձաւ թեհրանահայ երկուհարիւրամեայ վաղեմիութեամբ համայնքի ազգային, կրօնական ու հասարակական կառոյցներուն:
Դոկտ. Կարէն Խանլարեան եւ դոկտ. Մորէ Սեդեղ եւս ի պատասխան ՄԱԿի մարդու իրաւունքներու հարցերով զեկուցաբեր Ահմադ Շահիդի կողմնակալ զեկոյցին մասին հնչած հարցերուն, բացատրութիւններ փոխանցեցին անոր քաղաքական յետին նպատակներուն մասին՝ նշելով, որ անոր ներկայացուցած զեկոյցը ընդհանրապէս հեռու է լուրջ ուսումնասիրութիւններէ եւ ունի Իրանին սպառնալիքի ենթարկելու յստակ դիրքորոշում:








All the contents on this site are copyrighted ©.