2015-11-13 13:10:00

Ֆրանչիսկոս Պապին հանդիպումը ''Ռոմանօ Կուարտինի'' հիմնարկի համաժողովի մասնակիցներուն։


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ` 13 նոյեմբեր 2015-ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակին մէջ յաջորդաբար ընդունեց. Մոնաքոյի իշխանապետութեան Սուրբ Աթոռի մօտ դեսպան` Տիար Քլոտ Ժոէլ Ճորտանը, հաւատարմագրերու ներկայացումի առիթով, ապա ընդունեց Կարդինալ Ֆերնանտօ Ֆիլոնին` ժողովուրդներու աւետարանութեան ժողովի կառավարիչը, հուսկ գերապայծառ Իվան Եուրքովիչը Ռուսաստանի եւ Իւզպէքիստանի մօտ առաքելական նուիրակ եւ Տիար Լուիս Լէոնարտօ Ալմակրօ Ամերիկեան նահանգներու կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղարը։

Ժամը 12,30-ին Ֆրանչիսկոս Պապ Քլեմենթինա սրահին մէջ ունկնդրութիւն շնորհեց ''Romano Guardini Stiftung'' հիմնարկի կազմակերպած համաժողովի վաթսուն մասնակիցներուն ու այս առթիւ անոնց ուղղած ճառին մէջ ողջունելով ներկաները մատնանշեց համաժողովին որ կազմակերպուած է Գրիգորեան Համալսարանի մօտ, Հայր Ռոմանօ Կուարտինիի ծննդեան 130 ամեակին առթիւ­, ու ընդգծեց հիմնարկի գործունէութիւնը` քաղաքական, մշակութային եւ գիտութեան ասպարէզներէն ներս ներմուծելու Կուարտինիի բազմաձայն երկխօսութեան մտայղացքը։

Քահանայապետը ապա ակնարկեց Կուարտինիի  մէկ պատմուածքին ուր ան կը հաստատէ թէ ''ոչ մէկ մեղք կրնայ գերազանցել Աստուծոյ անհուն սէրը եւ թէ Տէրը միշտ պատրաստ է ներերու բոլոր անոնք որոնք զղջումի կը դիմեն''։

Նորին Սրբութիւնը  անդրադարձ կատարեց Կուարտինիի ըմբռնումներուն հայող` Աստուծոյ իր ժողովուրդին հետ կապին ու յատկապէս Աստուածային նախախնամութեան որ մարդը երբեք մինակ չի թողուր ու անոր վրայ կ՛երկարէ իր գթասիրտ ձեռքը։ Եւ այս գաղափարներէն մեկնելով հաստատեց թէ այսօր եւս կարելի է իւրացնել Կուարտինիի մտայղացքը­, ջանալով նշմարել Աստուծոյ ձեռքը ժամանակակից իրադարձութիւններուն ներքոյ։

Աստուած մեզի, հարուստ եւրոպային, ուղարկեց անօթին որպէսզի զայն կերակրենք, ծարաւը որպէսզի անոր ըմպելի տանք, օտարականը որպէսզի զայն ընկալենք եւ մերկացածը որպէսզի զայն զգեստնունք։ Եթէ մենք ժողովուրդ մըն ենք զանոնք պիտի ընդունինք որպէս եղբայրներ իսկ եթէ մենք պարզապէս անհատներէ կազմուած խումբ մըն ենք պիտի փորձենք նախ եւ առաջ մենք մեր անձը փրկել, առանց շարունակականութեան - ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ու ճառը եզրափակեց շնորհակալութիւն յայտնելով բոլորին ու մաղթանք յայտնելով որ Կուարտինիի առաքելութեան ի սպաս աշխատանքը սատարէ աւելիով հասկնալու իմաստն ու արժէքը ընկերութեան եւ մշակոյթի քրիստոնէական  հիմքերուն։

Ձեզ սրտանց կ՛օրհնեմ ու կը խնդրեմ բարեհաճիք աղօթել ինծի համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.