2015-11-13 09:36:00

Կարդինալ Փարոլին Ս. Աթոռը պիտի ներկայացնէ Փարիզի Կլիմայի համաշխարհային ժողովին։


(Ռատիօ Վատիկան)  Ս. Աթոռի Պետական Քարտուղար` Կարդինալ Փարոլին, 30 Նոյեմբերին, պիտի ներկայացնէ Ս. Աթոռը` Փարիզի մէջ կայանալիք Կլիմայի փոփոխութիւններուն հայող համաշխարհային վեհաժողովին, իսկ յաջորդ օրերուն, Վատիկանի մէկ պատուիրակութիւնը, գլխաւորութեամբ կարդինալ Թուրքսոնին, պիտի մասնակցի վեհաժողովի աշխատանքներուն։

Կլիմայի համաշխարհային վեհաժողովին բացման օրը կարդինալ Փարոլին պիտի գտնուի շուրջ 80 նախագահներու հետ։

Պաշտօնական բացումէն ետք 200 պետութիւններու պատուիրակութիւնները կլոր սեղան պիտի նիստին բանակցելու Կլիմայի պաշտպանութեան մասին, համաձայնութեան մը յանգելու յոյսով։ Աւելի քան 80 նախարարներ պիտի մասնակցին ժողովին, որ պիտի երկարի մինչեւ 11 դեկտեմբեր 2015։

Ս. Աթոռի պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ կարդինալ Թուրքսոն` նախագահը Արդարութիւն եւ Խաղաղութիւն քահանայապետական խորհուրդին։

ֆրանչիսկոս Պապը բազմաթիւ անգամներ բաղձանք յայտնեց որ Փարիզի ժողովը յաջողութեամբ պսակուի պաշտպանելու համար երկրագունդը ու այս առթիւ հրապարակեց նաեւ ''Laudato Si - Գովեալ Ըլլաս'' շրջաբերական թուղթը հայող բնապահպանութեան ու կենսոլորտի պահպանուին։

Վերջին այս շրջանին ս. Աթոռը բազմապատկած է այս առընչութեամբ իր նախաձեռնութիւնները ի նպաստ բնապահպանութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.