2015-11-13 09:25:00

Զոյգ ականահարումներ թիրախ կը դարձնեն Լիբանանի հարաւային արուարձանները


Հինգշաբթի, երեկոյեան ժամը շուրջ 6։00-ին, Լիբանանի Հարաւային արուարձաններու Այն Սըքքէ – Պըրժ Պարաժնէ շրջանները ցնցեցին զոյգ պայթումներ։

Լիբանանի «Ազդակ» օրաթերթին փոխանցած տեղեկութիւններով՝ Պըրժ Պրաժնէի իմամ Հիւսէյն մզկիթին մօտ անձնասպանական գործողութեան երկու հեղինակներ 7 վայրկեան տարբերութեամբ գործեցին երկու ականահարումներ, որոնց հետեւանքով ցարդ արձանագրուած են 10 զոհեր եւ վիրաւորուած տասնեակ ուրիշներ։

Նախնական տեղեկութիւններուն համաձայն անձնասպանական գործողութեան հեղինակները հետիոտն ուղղուած են Հարաւային արուարձաններ եւ ականուած գօտիներով գործած են ահաբեկչական գործողութիւնները։

Պայթումները հարուածած շրջանին մէջ գոյութիւն ունի նաեւ Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու կեդրոն մը։

Բանակը եւ ապահովութեան ուժերը փութացին պայթումներուն վայրը եւ շրջափակեցին ամբողջ շրջանը։ Անոնք քաղաքացիներէն պահանջեցին չհամախմբուիլ պայթումին վայրը, անոնց ապահովութեան համար։

Առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր բոլոր հիւանդանոցներէն պահանջեց պայթումին պատճառով վիրաւորները բուժել առողջապահութեան նախարարութեան հաշուոյն։








All the contents on this site are copyrighted ©.