2015-11-12 10:34:00

Ֆրանչիսկոս Պապի պատկերասփռուած պատգամը Մումպայի Սուրբ Հաղորդութեան համագումարի առթիւ


(Ռատիօ Վատիկան) 12-15 նոյեմբերին, Մումպայի մէջ կայացող ՝՝Սնունդ առած Քրիստոսէն, Սնունդ տալու համար ուիրշներուն՝՝ խորագրով, Սուրբ Հաղորդութեան ազգային համագումարին առթիւ, չորեքշաբթի 11 նոյեմբերին, Ֆրանչիսկոս Պապ պատկերասփռուած պատգամ մը ուղղեց համագումարը կազմակերպողներուն ու անոր մասնակիցներուն։

Ֆրանչիսկոս Պապ, պատգամին մէջ բարձր արժեւորեց համագումարը, որովհետեւ ան կը զուգադիպի 50 տարի առաջ, 1964-ին՝ Մումպայ քաղաքին մէջ կազմակերպուած, առաջին միջազգային Սուրբ Հաղորդութեան համագումարին, որուն ներկայ գտնուեցաւ առաջին անգամ ըլլալով ժամանակակից Սուրբ Պետրոսի Յաջորդը՝ Երանելի Պօղոս Զ. Պապը։

Համագումարը յատուկ արժեւորում կը ստանայ, ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը, նաեւ՝ որորվհետե ան տեղի կ’ունենայ Ողորմութեան Սուրբ տարուայ սեմին։

Ֆրանչիսկոս Պապ անդրադառնալով համագումարի նիւթին, յարեց, թէ ան Աստուծոյ կողմէ տրուած մեծ պարգեւ մըն է, ոչ միայն Հնդկաստանի քրիստոնեաներուն համար, այլ նաեւ համայն երկրի ժողովուրդին, որ հարուստ են մշակութային եւ հոգեւոր բազմազանութեամբ։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա վերյիշեց Պօղոս Պօղոս Զ. քահանայապետին, 3 դեկտեմբեր 1964-ին, ոչ քրիստոնեաներուն ուղղած արտասանած խօսքերէն մի քանի հատուածներ։ Ան ըսաւ՝ ՝՝Սուրբ Հաղորդութիւնը ոգեկոչումն է Յիսուս Քրիստոսի, եւ Անոր՝ Աստուծոյ հանդէպ Սիրոյն, ինչպէս նաեւ Քրիստոսի՝ համայն մարդկութեան հանդէպ ունեցած Սիրոյն՝ Սէր մինչեւ մահ։

Սոյն Քրիստոսի սէրը, ըսաւ Սրբազան Հայրը, անցեալի հայող հարց մը չէ, այլ վաւերական է ներկայիս մէջ, եւ սահմանուած՝ ապրուելու համար բոլոր մարդոց սրտերուն մէջ։

Աշխարհի համայն մարդկութիւնը կարիքն ունի սնունդ առնելու։ Ոչ միայն մարմնական սնունդ, աւլեցուց Ֆրանչիսկոս Պապը ընդգծելով, թէ գոյութիւն ունին զանազան տեսակի ծարաւներ։ Ծարաւ՝ սիրոյ, անմահութեան, գուրգուրանքի, ներողամտութեան եւ ողորմութեան ծարաւներ։ Ասոնք կրնան գոհացուիլ միայն երկնքէն իջած Հացով։ Նոյնինքն Յիսուս է, որ իր մարմնով կեանք կու տայ աշխարհին։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա խօսելով Սուրբ Հաղորդութեան շնորհքներու մասին ըսաւ՝ ՝՝Սուրբ Հաղորդութիւնը չի սպառիր միայն Տիրոջ Մարմնի եւ Արեան հաղորդութեամբ։ Ան՝ մեզ կ՝առաջնորդէ ուրիշներու հանդէպ աջակցութին ցուցաբերելու։ Տիրոջ հետ հաղորդումը, անպատճառ՝ հաղորդակցիլ է մեր եղբայրներու ու քոյրերուն հետ։”

Պատկեռասփռուած պատգամի աւարտին, Ֆրանչիսկոս Պապ մաղթանք յայտնեց, որ Սուրբ Հաղորդութեան ազգային համագումարը լուսաւորէ համայն Հնդկաստանի ժողովուրդը, ուրախութիւն եւ երջանկութիւն սփռէ անոնց, ինչպէս նաեւ առիթ հանդիսանայ Հնդկաստանի եղբայրներուն ու քոյրերուն՝ միանալու Սիրոյ մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.