2015-11-11 10:03:00

ֆրանչիսկոս Պապին իտալական եկեղեցւոյ յղած ճառը անկիւնաքար մըն է։


(Ռատիօ Վատիկան) Երեքշաբթի 10 նոյեմբերին ֆրանչիսկոս Պապը մասնակցելով  Իտալական եկեղեցւոյ Ե ազգային ժողովին արտասանեց երկարաշունչ ճառ մը, որ եկեղեցական թէ աշխարհական մասնակցողներուն համար նկատուեցաւ որպէս պատմական ու հիմնաքար ճառ մը ներկայ եւ ապագայ իտալական եկեղեցւոյ համար։

Համագումարին ներկայ էր նաեւ Միլանօ թեմին առաջնորդը կարդինալ Անճելօ Սքոլա, որ ռատիովատիկանի  հետ ունեցած ելոյթով, յայտնեց թէ զինք մեծապէս տպաւորեց  Քահանայապետին ցուցաբերած մեծ սէրը Իտալիոյ եկեղեցւոյ նկատմամբ։ Ան սրտաբուխ խօսքին մէջ վերլուծում կատարեց մեր եկեղեցւոյ իրավիճակին մասին ու մեզի մատուցեց մեծարժէք ուղղութիւններ, յոյժ կարեւոր ու շահաբեր։ Անոր ճառը ինծի թուեց որպէս կատարեալ խճանկար մը։ Այժմ մեզի կ՝իյնայ աշխատիլ այն մեծ ծրագիրին իրականացումին ի սպաս, որ կը կեդրոնանայ Քրիստոսի մարդաբանութեան վրայ, նոյնանալով Յիսուսի առաքելութեան ու անձին հետ, որ նոյնինքն հաղորդակցութիւնն է Հօր Աստուծոյ, եւ ուսկից  ի յայտ կու գայ Եկեղեցին որպէս Աստուծոյ ժողովուրդ եւ որուն Հովիւն է նոյնինքն Հայր Աստուած։ Եւ այդ պատճառաւ մեծ համադրութիւն կայ  Հովիւի ու ժողովուրդին միջեւ'', ըսաւ Կարդինալ Աքոլա աւելցնելով թէ ''Ֆրանչիսկոս  Պապին մեծ երազն ու տեսութիւնն է` կերտել Եկեղեցի մը կարող կեանքը պարզ դարձնելու­, էականը փնտռելու։ Կը գտնուինք ժամանակի յեղաշրջումի մէջ եւ ոչ յեղաշրջումի ժամանակին մէջ։ Այս նախադասութիւնը կը ներփակէ Ս. Հոգւոյ ներգործութիւնը, վստահ եմ, ըսաւ կարդինալ Սքոլա, թէ այս ներկայացումը անկիւնաքար պիտի հանդիսանայ մեր Եկեղեցւոյ նոր երթին։

Փերուճա թեմին առաջնորդը կարդինալ Պասսեթթի  իր կարգին ըսաւ. ''իտալական եկեղեցին այլեւս ոչ մէկ արդարացում ունի, Սրբազան Հարը բացայայտ ծրագիր մը ներկայացուց մեզի հիմնուած Քրիստոսի մարդաբանութեան վրայ , որ կը մերժէ սուրը։ Յիսուս մեր մէջ կը գտնուի որպէս Փրկիչ  և քրիստոնեան ունի որպէս տիպար Մարիամը, որ առանց խօսելու ըսաւ ''Ահաւասիկ աղախինն Տեառն''։  Կարդինալ Պասսեթթի  ընդգծեց ապա որ Քահանայապետը ոչ միայն խօսեցաւ եպիսկոպոսներուն, կղերին, քրիստոնեաներուն այլ և իտալական համայն ընկերութեան։ Քրիստոնեան կանչուած է ըլլալու խմորը ընկերութեան։ Քահանայապետը զօրեղ կոչ մը ուղղեց աշխարհականներուն անոնցմէ պահանջելով  յանձնառում` ի խնդիր Եկեղեցւոյ ու ընկերութեան, ընդգծելով նաեւ երիտասարդներուն կարեւոր դերը որոնք Եկեղեցւոյ եւ ընկերութեան ապագան են։ Նորին Սրբութիւնը աւելի հեռու գնաց յայտնելով թէ ''կը նախընտրէ տեսնել Եկեղեցի մը վիրաւոր ու ձեռքը կեղտոտ որովհետեւ կը գտնուի մարդոց մէջ, քան հիւանդ Եկեղեցի մը որ ինքնահաճութեամբ ինքզինք կը դիտէ։

Կաթողիկէ աշխարհականներու ռահվիրաներէն` Ճիճի Տէ Փալօ-ի գնահատումով  այլեւս կարելի չէ ետ դառնալ։ ֆրանչիսկոս Պապին ճառը եղաւ պատմական պահ մը։ Վերջապէս բազմաթիւ  ժողովներէն ու վերլուծումներէ ետք , Սրբազան Պապը մէկ խօսքով  ըսաւ՝  պէտք չէ վախնալ, պաշտպանելիք բան մը չունինք, կանչուած ենք  աշխարհին ներկայացնելու գեղեցկութիւնը, դրական դարձնել մեր առօրեայ գործը, բացայայտօրէն պատմել զայն, այսինքն` ներկայացնել  Յիսուս Քրիստոսը և վերջակէտ։ Մնացածը  վերացութիւն է։








All the contents on this site are copyrighted ©.