2015-11-11 11:22:00

Ֆրանչիսկոս Պապի հանդիպումը Պոսնիա եւ Հերցեգովինայի նախագահին հետ


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի, 11 նոյեմբերի առաւօտեան ժամը 8.30ին, Վատիկանի Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ, Ֆրանչիսկոս Պապ հանդիպեցաւ Պոսնիա եւ Հերցեգովինայի  նախագահ Տիար Տրական Քովիչին հետ, ապա ընդունեց  նախագահի ընկերացող  40 անդամներէ բաղկացած  պատուիրակութիւնը ։

Պատուիրակութեան ուղղած  ողջոյնի խօսքին մէջ, Նորին Սրբութիւնը  շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց տուած այցելութեան համար, յիշատակելով  անցեալին Պոսնիա եւ Հերցեգովինայի կատարած այցելութիւնը։

՝՝Տակաւին իմ սրտիս մէջ կը պահպանեմ  ձեզմէ սորված շատ գեղեցիկ բաներ. տառապանքի կարողութիւնը՝ դուք շատ չարչարանք կրեցիք, ներողամտութեան կարողութիւնը կամ նուազագոյնը  ներողամտութեան որոնումը ինչպէս նաեւ երկխօսութեան  կարողութիւնը ։

Շատ շնորհակալ եմ մարդկութեան տուած այս գեղեցիկ բարի օրինակներուն համար ըսաւ  Ֆրանիչկսոս Պապ եւ ներկաներէն խնդրեց  փոխանցել իր ողջոյնները՝ Սերպիոյ ժողովուրդին, երկրի երկու միւս համանախագահներուն եւ զանազան կրօնական հաստատութիւններուն, որոնք միատեղ կը հաւաքուին եւ երկխօսութիւն կը կատարեն երկրի  բարիքին ի խնդիր։

Հանդիպումի աւարտին  Սրբազան Հայրը  հակիրճ աղօթք բարձրացնելով առ Աստուած ըսաւ ՝՝Խնդրենք՝ բոլորին Աստուծմէն , որ  օրհնէ  մեզ, մեր կեանքն ու ազգը, ինչպէս նաեւ մեր ընտանիքներն ու  Պոսնիա եւ Հերցեգովինայի  ապագան ։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.